
Դեկտեմբեր 26-էն GMO-ով Մթերքի Մակնիշելը ՀՀ-ի Մէջ Պարտադիր է
Դեկտեմբեր 26-էն Հայաստանի մէջ ծննդային փոփոխութեան ենթարկուած մարմիններ (GMO) պարունակող սննդամթերքը պէտք է նշուի յատուկ նշանով:
Ըստ ընդունուած ճարտարագիտական պահանջներու, նշան դնելը պարտադիր է ապրանքի փաթեթաւորման վրայ, եթէ GMO պարունակութիւնը կը գերազանցէ 0,9%-ը: «GMO» նշումը պէտք է ըլլայ ԵՏՄ շուկային մէջ շրջանառութեան միասնական նշանի մօտ եւ իր ձեւով ու չափերով համապատասխանէ այդ նշանին:
Անցումային փուլը գործարարութեան յարմարեցման համար կը կազմէ 1,5 տարի: Այդ ժամանակահատուածին կ՝արտօնուի GMO պարունակութեան մթերքի արտադրումն ու շրջանառութիւնը ԵՏՄ տարածքին նախկին պահանջներով, կը յայտնէ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի մամուլի ծառայութիւնը:
Նմանատիպ սահմանափակումներ կը գործեն նաեւ ԵՄ երկիրներու, մասնաւորապէս, Գերմանիոյ մէջ:
Փոփոխութիւնները նախաձեռնած է «Ռոսպոտրեբնադզօր»ը՝ հաշուի առնելով սպառողներու ցանկութիւնները: Փաստաթուղթը անցած է բոլոր անհրաժեշտ ընթացակարգերը, ներառեալ հանրային քննարկումներն ու ներքաղաքական համաձայնեցումը ԵՏՄ անդամ երկիրներու մէջ: Անիկա ընդունուած է ԵՏՀ նիստին, 2017-ի Դեկտեմբերին: