Թրքական Տարօրինակ Լուրեր՝ Տօնական Օրերուն Ընթերցողները Զուարճացնելու Համար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Այս տարուան ընթացքին հաւաքած եմ արտառոց ուղերձներու կամ կանոններու տարբեր օրինակներ, որոնք կը պարտադրուին թրքական հասարակութեան։ Բնականաբար, միլիոնաւոր ազատամիտ եւ քաղաքակիրթ թուրքեր դժգոհ են այս ժամանակավրէպ կանոններէն, սակայն քանի դեռ Էրտողանը իշխանութեան ղեկին է, նման խիստ միջոցները պիտի շարունակեն պարտադրուիլ բոլոր թուրք քաղաքացիներուն… Ահա քանի մը օրինակ.

– «Ալ Մոնիթըր»-ի թղթակից Փինար Թրեմպլէյ հաղորդած է, որ «Տիյանէթ»ը՝ Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութեան կայքը, յայտարարած է, որ «հիմք ընդունելով Մուհամմէտ մարգարէի յայտնի խօսքերը՝ մահմետականներուն խորհուրդ կը տրուի ուտել եւ խմել աջ ձեռքով եւ նոյնը սորվեցնել իրենց զաւակներուն, քանի որ «սատանան կ՝ուտէ ձախ ձեռքով»: Իսկ ի՞նչ ընեն անոնք, որոնք ձախլիկ են կամ աջ ձեռք չունին, կը հետաքրքրուին թրքական հասարակութեան բազմաթիւ անդամներ։

– Յայտնի իսլամական իմամ Իհսան Սենոքըկ՝ այս տարուան Փետրուարին՝ ազատուած է «Տիյանէթ»-էն, իր վիճահարոյց յայտարարութենէն ետք, որ տաբատ հագնող կանայք մեղաւոր են՝ կանխորոշուած դժոխքի համար։ Սենոքըկը նաեւ յայտարարած է, որ մարդը պէտք չէ համբուրէ իր երիտասարդ զոքանչը, քանի որ անիկա կրնայ յանգեցնել գայթակղութեան…

– Թուրքիոյ մէջ «Ինճիրլիք» օդակայանի հարեւանութեամբ բնակող Մահմուտ Աքար ըսած է «Սփութնիք» լրատուականին, որ այնտեղ տեղակայուած ամերիկացի զինուորները կը գնեն թուրք փոքրիկները, որոնց յետագային կը տեղափոխեն Միացեալ Նահանգներ՝ կրօնափոխ ընելու եւ քրիստոնեայ դարձնելու համար։

– Պոլսոյ համալսարանի թուրք դասախօս Եաւուզ Օրնէք Յունուար 6-ին թրքական հեռուստատեսութեամբ յայտարարած է, որ Նոյը ջրհեղեղէն առաջ իր որդիին հետ շփուած է բջիջային հեռախօսով։ Օրնէք նաեւ յայտարարած է, որ Նոյը իր տապանը կառուցած է պողպատէ սալիկներով, եւ անիկա աշխատած է միջուկային ուժանիւթով… «Ես գիտնական եմ եւ կը խօսիմ գիտական տեսանկիւնէ»,- պնդած է տգէտ Օրնէքը։

– Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութիւնը յայտարարած է, որ աղջիկները ինը տարեկանին, իսկ տղաքը 12 տարեկանին կրնան ամուսնանալ…

– «Տիյանէթ»ը նաեւ արձակած է քանի մը ֆեթուա (կրօնական հրովարտակ), յայտարարելով, որ «Պիթքոյնները անընդունելի են այս պահուն»։ Երկրորդը յայտարարած է, որ տղամարդոց մազերուն սեւ ներկը պատշաճ չէ՝ ըստ իսլամի: Երրորդը արգիլած է վիճակախաղի տոմսեր ձեռք բերել կամ աշխատիլ այնտեղ, ուր ալքոհոլ կը վաճառուի։ Չորրորդը արգիլած է լսել «անբարոյ երաժշտութիւն»։ Սակայն, ամենավիճայարոյց ֆեթուան այն էր, որ տղամարդը կրնայ ամուսնալուծուիլ կնոջ հետ հեռախօսով, ելեկտրոնային փոստով, հաղորդագրութեամբ կամ նամակով։ Ամուսնալուծութիւնը յայտարարելու նման միջոցը նոյնն է, ինչ ամուսինի երեսին ըսելը։ Միակ բանը՝ կինը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ հաղորդագրութիւնը կամ ելեկտրոնային փոստը ուղարկուած է ամուսինին կողմէ:

– «Նիւզուիք» հանդէսը մէջբերած է թուրք իսլամական քարոզիչ մը, որ յայտարարած էր Fatih Medreseleri կրօնական հեռուստաալիքով, թէ առանց մօրուքի տղամարդիկ «չեն կրնար տարբերիլ կիներէն» եւ կրնան այլ մարդոց մօտ «անպարկեշտ մտքեր» յառաջացնել։ «Տղամարդիկ պէտք է մօրուք աճեցնեն։ Մօրուքը մարդու մարմինի երկու մասերէն մէկն է, որմով տղամարդը կը տարբերի կիներէն», յայտարարած է Մուրատ Պայարալը։ «Եթէ հեռուն երկար մազերով մարդ կը տեսնէք, կրնաք մտածել, որ ան կին է, եթէ ան մօրուք չունի, որովհետեւ այսօր կանայք եւ տղամարդիկ միանման կը հագուին։ Աստուած չընէ… Դուք կրնաք անպարկեշտ մտքեր ունենալ, բացատրած է ան, արտայայտելով այն վախը, որ տղամարդիկ կրնան նոյն սեռի անձերուն նայնլ սեռական հետաքրքրութեամբ:

– Ինչպէս նշած էի նախորդ յօդուածներէս մէկուն մէջ, Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ Պիւլենդ Արինճը յայտարարած է, որ «կանայք պէտք չէ բարձրաձայն ծիծաղին հասարակութեան մէջ»:

Ըստ «Նիւզուիք»-ի, վերոյիշեալ ուղերձները ցոյց կու տան, որ նախագահ Էրտողան կը փորձէ Թուրքիան տանիլ «կրօնական ուղիով՝ իսլամական ազգայնականութեան նոր տարբերակով։ 1923 թուականին, ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադրումէն ի վեր, «աշխարհիկութիւն» բառը ամրագրուած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան մէջ: Սակայն, Էրտողանը աւելի շատ խորհուրդ կու տայ, որ կրօնը հասարակական կեանքի մաս դառնայ: Անցեալ տարի եղափոխութեան դասերը հանուած են հանրակրթական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներէն, եւ կառավարութիւնը արտօնած է աղջիկներուն դպրոցին մէջ գլխաշոր կրել, որ արգիլուած էր անցեալին»:

«Նիւզուիք»-ի թղթակից Քրիստինա Մազան եզրակացուցած է. «Այսօր Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կանգնած է որոշում կայացնելու շատ բարդ խնդիրի առջեւ՝ թէ ինչպէս կառավարել իր հասարակութեան կրօնական եւ աշխարհիկ նայուածքները միաժամանակ։ «Մահմետական աշխարհի մէջ հաւատացեալները վերահաստատուած են շարք մը տարամէտ հոսանքներով։ Ասիկա անխուսափելիօրէն խթանած է մահմետականներու զանգուածները Թուրքիոյ մէջ», ըսած է աշխարհաքաղաքագէտ Ճորճ Ֆրիտմանը՝ Real Clear World-ի համար գրուած ապրիլեան խմբագրականին մէջ։ «Աշխարհիկ, եւրոպական մշակոյթը, որ կը գերակշռէր երկրին մէջ, կը հակադրուի կրօնական հզօր պահանջներուն։ Քաղաքական եւ հասարակական հիմնական հարցը այն է, թէ ինչպէս ստեղծել միասնական պետութիւն՝ կառուցուած երկու տարբեր մշակոյթներու վրայ»:

Յոյսով ենք, որ նախագահ Էրտողանն ու անոր յետամնաց իմամները 2019-ին նոր տարօրինակ հրովարտակներ կ’արձակեն՝ Թուրքիան վերադարձնելով Քարի դար…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը