Հաւատացած եմ, որ Հայաստանը Կ՝ընթանայ Ճիշդ Ճանապարհով. Արմէն Սարգսեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հաւատացած է, որ Հայաստանը կ՝ընթանայ ճիշդ ճանապարհով: ՀՀ նախագահը, ըստ Armenpress.am-ի, նման կարծիք յայտնած է WION TV (World Is One News) լրատուական հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին:

«Փոփոխութիւնները սկսան Ապրիլին, զարմանալիօրէն անոնք սկսան իմ երդմնակալութենէն ետք: Պէտք է գիտակցիլ, որ այն ամէնը, ինչ տեղի կ՝ունենայ մեր երկրին մէջ, պարզապէս յեղափոխութիւն չէր, որ ստացաւ «թաւշեայ» անուանումը: Անիկա մեծ նուաճում էր մեր ժողովուրդին համար: Եւ ես յատուկ կ՝ուզեմ ընդգծել, որ ասիկա նուաճում էր ժողովուրդի, ոչ միայն անհատներու համար, թէեւ անհատները, ինչպէս ընդդիմութեան առաջնորդ պարոն Փաշինեանը, իրենց անձնական ներդրումը ունեցած են այս յեղափոխութեան խաղաղ իրականացման գործին մէջ: Կ՝ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ նախկին նախագահ ու վարչապետ Սերժ Սարգսեանը եւս մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, քանի որ նախընտրեց հեռանալ պաշտօնէն, այլ ոչ թէ հակադրուիլ, որ խնդրահարոյց իրավիճակ պիտի առաջացնէր: Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ մենք ունեցանք այդ իրական, հայկական ոճի յեղափոխութիւնը, որուն մասին խօսեցան ողջ աշխարհի մէջ՝ ընդգծելով, որ մենք յեղափոխութիւն իրականացուցինք առանց արիւնահեղութեան»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Նախագահը աւելցուցած է, որ Հայաստանը այժմ կանգնած է այլ «յեղափոխութեան» մը առջեւ: «Հայաստանը 27 տարի շարունակ եղած է նախագահական հանրապետութիւն: Նախապէս, երբ մենք Խորհրդային Միութեան մաս էինք, անիկա բացարձակ նախագահական էր, քանի որ կառավարումը ուղղահայեաց էր՝ վերէն ներքեւ: Այժմ մենք կը փոխենք համակարգը՝ անցնելով խորհրդարանական հանրապետութեան: Ի հարկէ, այդ փոփոխութիւնները դիւրին չեն տրուիր: Պէտք է ըսեմ, որ ասիկա նաեւ սերնդային յեղափոխութիւն է: Երիտասարդ ըսելով ես նկատի ունիմ ո՛չ թէ տարիքով երիտասարդ, այլ ոգիով, նոր մտածելակերպով, նոր աշխարհայեացքով ու կառավարման մեթոտներով: Կրնաս ըլլալ 60-70 տարեկան, սակայն միեւնոյն ժամանակ ըլլալ երիտասարդ: Ուստի, ինծի համար, երիտասարդ ըլլալը կապուած է ո՛չ թէ տարիներու քանակով, այլ՝ կեանքի նկատմամբ մօտեցումով»,- նշած է ՀՀ նախագահը:

Անդրադառնալով լրագրողի դիտարկման, թէ ոմանք ըսած են, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը որեւէ առումով ներշնչուած էր Կանտիի սատեագրահայէն, որ եւս քաղաքացիական անհնազանդութեան ոչ բռնի շարժում էր, նախագահը պատասխանած է. «Չեմ գիտեր՝ Մահաթմա Կանտիի գաղափարներն ու հնդկական փորձը որքան ազդեցութիւն ունեցած են փողոցը գտնուող անհատներու, երիտասարդներու վրայ, սակայն անոնք, անկասկած, մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իմ վրաս: Երբ ինծի առաջարկեցին դառնալ նախագահ, ինծի համար ատիկա կեանքի արմատական փոփոխութիւն կը նշանակէր: Ատիկա կենսակերպի լիակատար փոփոխութիւն էր: Սակայն, միւս կողմէ ալ կը գիտակցիս, որ արժէ այս ամէնը զոհաբերել, քանի որ կը ծառայես քու երկրիդ:

Շարժումը շատ արագ հասաւ առճակատման բարձր մակարդակի, անհրաժեշտ դարձաւ հանրապետութեան նախագահի միջամտութիւնը: Եւ այստեղ էր, որ Կանտիի կերպարը ոգեշնչեց զիս: Ես գացի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ ընդդիմութեան ղեկավարներու, ապագայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իմ առաջին հանդիպումը՝ շրջապատուած հազարաւոր մարդոցմով: Անգամ այն պարագային, երբ շարժումը ուղղուած էր իշխանութիւններուն դէմ, զիս՝ իբրեւ նախագահ շատ լաւ դիմաւորեցին: Մարդիկ կը սատարէին, անոնք սկիզբը ապշեցան՝ տեսնելով, որ նախագահը կը քալէ փողոցին մէջ ու իրենց ընդառաջ կ՝երթայ։ Ես հանեցի փողկապս՝ դառնալու անոնցմէ մէկը, քանի որ ես միակն էի այդ հազարաւոր մարդոց մէջ, որ փողկապ կը կրէր: Պէտք էր ըլլալ անոնցմէ մէկը, պէտք էր չտարբերիլ անոնցմէ, անգամ եթէ դուն նախագահն էիր: Եւ այժմ, կը կարծեմ, մենք կրնանք հպարտօրէն յայտարարել ողջ աշխարհին, որ հայերը կրնան յեղափոխութիւն իրականացնել առանց արիւնահեղութեան:

Ուստի պատասխանը հետեւեալն է՝ այո՛, Մահաթմա Կանտին յստակ ազդեցութիւն ունեցած է իմ մտածելակերպիս ու զգացմունքներուս վրայ»:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ յեղափոխութենէն ետք՝ ՀՀ նախագահը ընդգծած է, որ շատ մեծ ակնկալիքներ կան, ինչպէս միշտ կ՝ըլլայ յեղափոխութիւններէն ետք: «Կայ մեծ դրական ուժ: Ամենամեծ մարտահրաւէրն է՝ չդաւաճանել յեղափոխութեան՝ այն առումով, որ կարելի չէ յուսախաբ ընել այդ ակնկալիքները:

21-րդ դարուն, երբ ամէն ինչ շատ արագ կը զարգանայ, մարդիկ կ՝ակնկալեն, որ տեղի պիտի ունենան փոփոխութիւններ: Սակայն անոնք կ՝ակնկալեն ոչ թէ մէկ, այլ՝ բազմաթիւ փոփոխութիւններ, կ՝ուզեն, որ հասարակութիւնը դառնայ աւելի ազատ, որ ըլլայ ազատութիւն, չըլլայ կաշառակերութիւն, հիմնարկները գործեն այնպէս, որ երկիրը զերծ ըլլայ կաշառակերութենէն, զարգանայ ժողովրդավարութիւնը: Ամենակարեւորը, տնտեսութիւնը աւելի լաւ գործէ՝ բարելաւելու մարդոց կենսամակարդակը»,- նշած է Արմէն Սարգսեան:

Անոր խօսքով՝ կարճ ժամանակահատուածի մէջ այս ամէնուն հասնիլը իսկապէս մեծ մարտահրաւէր պիտի ըլլայ, իսկ ճանապարհներէն մէկը կրկին նոյնն է՝ ժողովուրդը: ՀՀ նախագահի գնահատականով՝ մարդիկ պէտք է հաւատան, որ իրենք լուծման մաս կը կազմեն կամ որ իրենք են այդ լուծումը: «Ի վերջոյ, մարդիկ ունին պատրանք, մեծ ակնկալիքներ ղեկավարէն կամ կառավարութենէն՝ մտածելով, որ եթէ իրենք իրականացուցած են յեղափոխութիւնը, ուստի այժմ անոնց հերթն է: Պատահական չէ, որ 6 ամիս անց անոնք կը սկսին հարց տալ, թէ ինչու աւելի լաւ չեն ապրիր: Այսինքն, կրկին կը վերադառնանք նոյն պատմութեան: Հնդկական փորձը ցոյց կու տայ, որ Հնդկաստանի մէջ չես կրնար փոփոխութիւններ ընել առանց հասարակութիւնը ներգրաւելու՝ լուծումները ձգելով միայն կառավարութեան կամ առաջնորդներուն: Այստեղ առանցքային է այդ գործընթացներուն մէջ ներգրաւուումն ու մասնակցութիւնը»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան: