Կաթոլիկ Աշխարհը Այսօր Կը Նշէ Սուրբ Ծնունդը
Կաթոլիկ աշխարհը եւ շարք մը ուղղափառներ, որոնք կը հետեւին Գրիգորեան տոմարին, Դեկտեմբեր 25-ը կը նշեն իբրեւ օր Քրիստոսի Ծննդեան: Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը անցնող գիշեր գլխաւորած է հանդիսաւոր ժամերգութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի գլխաւոր տաճարին մէջ, որ հեռարձակուած է ուղիղ եթերով: Այս մասին կը յայտնէ Սուրբ աթոռի մամուլի ծառայութիւնը:
Այսօր կէսօրին, Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետը պիտի դիմէ ժողովուրդին՝ «Քաղաքին եւ աշխարհին», Սուրբ Ծնունդի աւանդական ուղերձով: Վերջին շաբաթներուն քահանայապետը իր քարոզներուն մէջ կը յիշեցնէր, որ հարկաւոր «բերկրանք ապրիլ Փրկիչի ծննդեան լոյսով» եւ ճիշդ ընկալել այս տօնին նշանակութիւնը՝ զայն չվերածելով միայն կերուխումի եւ նուէրներու:
«Սուրբ Ծնունդը համեստութեան եւ խոնարհութեան յաղթանակն է անբարեկրթութեան հանդէպ, պարզութեան յաղթանակը անժուժկալութեան, լռութեան յաղթանակը անհեթեթ ժխորի եւ ունայնութեան հանդէպ: Յիսուս ինքը մեր ամենամեծ պարգեւն է»,- ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը՝ Դեկտեմբեր 19-ին կայացած հաւաքական ունկնդրութեան ընթացքին:
