Մանուէլ Գրիգորեանը Գրաւի Դիմաց Կալանքէն Ազատ Արձակելու Որոշման Դէմ Դատախազութիւնը Վերաքննիչ Բողոքը Պիտի Ներկայացնէ Դեկտեմբեր 24-ին
ՀՀ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու որոշման դէմ ՀՀ դատախազութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց իրականացնող քաղաքացիներուն մօտեցած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան ղեկավար Վահագն Մուրատեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Ան, ցոյցի մասնակիցներուն յայտնած է, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը, Դեկտեմբեր 24-ին, վերաքննիչ բողոք պիտի ներկայացնէ Մանուէլ Գրիգորեանը գրաւի դիմաց կալանքէն ազատ արձակելուն վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ: «Գլխաւոր դատախազը այս պահուն զբաղած է, չի կրնար հանդիպիլ ձեր հետ, բայց ըսեմ, որ մենք կը զբաղինք այդ հարցով, այսօր մեր միջնորդութիւնը մուտք պիտի ունենայ»,- ըսած է Մուրատեան:
Ան նաեւ կարծիք յայտնած է, որ խնդիրը լուծում պիտի ստանայ մինչեւ Նոր Տարի:
Ցոյցին մասնակիցները յայտարարած են, որ պիտի սպասեն այնքան ժամանակ՝ մինչեւ իրենց հետ հանդիպի ՀՀ գլխաւոր դատախազը: Անոնք նշած են, որ 20 վայրկեան ժամանակ կու տան գլխաւոր դատախազին իջնելու եւ դատախազութեան շէնքին դիմաց հաւաքուած քաղաքացիներուն հետ հանդիպելու, անոնց հարցերուն պատասխանելու համար: «Եթէ ատիկա տեղի չունենայ, Էջմիածինի մէջ խումբեր կան, որ պատրաստ են Երեւան-Էջմիածին մայրուղին փակելու, Էջմիածինի մէջ փողոցներ փակելու»,- յայտարարած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:
