Հայաստանը Մեր Ռազմավարական Գործընկերն է Տարածաշրջանին եւ Աշխարհի Մէջ. Փութինը՝ ՀՀ-ՌԴ Յարաբերութիւններուն Մասին
Հայաստանը ՌԴ ամենամտերիմ գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ամենամեայ մամուլի ասուլիսին ժամանակ յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ «Ռուսիան ինչպէս կը պատրաստուի վերականգնել քաղաքականութիւնը Հայաստանի հետ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք»:
«Մենք չունինք որեւէ բան, որ քանդուած է եւ կարիք ունի վերականգնման: Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ, ՀԱՊԿ եւ ԵԱՏՄ անդամ է: Մենք պէտք է զարգացնենք այն, ինչ ունինք»,- յայտարարած է Փութին:
Ան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը ՌԴ մտերմագոյն գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: «Այդպէս եղած է պատմականօրէն, այդպէս կայ եւ յոյսով եմ՝ այդպէս պիտի ըլլայ: Մենք պէտք է գործենք՝ հաշուի առնելով ներկայ իրադրութիւնը աշխարհի ու տարածաշրջանի մէջ: Այս հարցերը մօտակայ ժամանակներս պիտի քննարկենք պարոն Փաշինեանի հետ, որ պիտի այցելէ յառաջիկայ շաբաթ»,- ըսած է ՌԴ նախագահը:
