Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին Ի Նպաստ Հաւաք՝ Ֆրեզնոյի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

7 Դեկտեմբերին, Ֆրեզնօ հաստատուած եւ Երեւանի մէջ գրասենեակներ ունեցող հողագործական արհեստագիտութեան «Ակրեան» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ հաւաք մը տեղի ունեցաւ, զօրակցելու համար Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին։

Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ «Ակրեան» ընկերութեան սեփականատէրերը՝ Նշան եւ Ատրիանա Մաճարեանները, 2004-էն ի վեր կը գործակցին համալսարանին հետ, որուն շրջանաւարտներէն շատեր դարձած են ընկերութեան պաշտօնեաները՝ թէ՛ Քալիֆորնիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ։ Շրջանաւարտներ Անտրէ Գասփար եւ կինը՝ Արփին, ձեռնարկին ընթացքին վկայութիւններ տուին իրենց փորձառութիւններուն մասին։

Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան, որ խօսեցաւ համալսարանի հիմնադրութեան եւ անոր շարք մը նախաձեռնութիւններու ու աջակցելու կարելիութիւններուն մասին։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մաճարեաններուն ցուցաբերած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ Քաշեան ընտանիքի հիմնարկութեան, որուն տրամադրած կրթանպաստին շնորհիւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն ուսանողներ կիսամեակ մը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանելու առիթը կ՛ունենան։ Այս առիթով, ան յուշանուէր մը յանձնեց Քաշեան ընտանիքի հիմնարկութեան նախագահ Ճորճիէն Ուայթին եւ փոխնախագահ Թրէյսի Քաշեանին, իսկ այս կրթանպաստներուն արժանացած երեք ուսանողներ՝ Սթեֆըն Կոնզալես, Երուանդ Պոյաճեան եւ Աւետիս Խաչատուրեան վկայութիւններ տուին։

 

0000AUAFresno3

Ձախէն աջ՝ Նշան եւ Ատրիանա Մաճարեաններ, դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեան, Արփի Գրիգորեան եւ Անտրէ Գասփար

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Լերի Փից, շեշտելով, որ կրթական մարզին մէջ ներդրումներ կատարելը լաւագոյն միջոցն է սատարելու Հայաստանի զարգացման, աւելցնելով, որ արեւմտեան մակարդակով ուսում, ազատ երկխօսութեան առիթներ եւ թափանցիկութիւն ապահովելու համալսարանին հիմնադիրներուն նպատակները իրականացած են, աւելցնելով, որ համալսարանին շրջանաւատները նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած են երկրին խաղաղ իշխանափոխութեան մէջ։

Ձեռնարկը աւարտեցաւ լուռ աճուրդով եւ Մաճարեաններ 6000 տոլարով կրցան սեփականացնել Ուիլեըմ Սարոյեանի ջրաներկ ստեղծագործութիւններէն մէկը, որ գծուած էր Ֆրեզնոյի մէջ։ Գործը համալսարանին նուիրուած էր Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած Ուիլեըմ Սարոյեանի հիմնարկութեան կողմէ։