Լոս Անճելըսի «Ապրող Սփիւռք» Համերգը Պիտի Կայանայ 19 Յունուարին
Կազմակերպութեամբ «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» (Melkonian Global Overture, MGO) Շաբաթ, 19 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 6։30-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Ռոյս» սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ համերգ մը, մասնակցութեամբ զանազան կատարողներու, երաժշտական տարբեր ոճերէ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Մասնակցողներուն շարքին են՝ «Արմինիըն Փափս» նուագախումբը, խմբավարութեամբ Կրեկ Հօշարեանի, ինչպէս նաեւ Այլին Ամիրայեան, Ալին Առուստամեան, «R-mean»ը, Թայնի Թի, Յովիկ Տէմիրճեան, Ճոն Վարթօ, Ճէյքըպ Արմէն եւ պարուսոյց Միհրան Կիրակոսեանի ղեկավարած պարախումբը:
Մասնակցութեան սակը 50-100 տոլարի միջեւ է. հասոյթը պիտի տրամադրուի կրթական զանազան ծրագիրներու եւ հաստատութեանց, ներառեալ՝ հիւրընկալ համալսարանին մէջ գործող «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, որուն 50-ամեակի տօնակատարութեան մաս կը կազմէ ձեռնարկը:
Համերգին օրը, կ.ե. ժամը 3։30-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ կարճ ֆիլմերու ցուցադրութիւն եւ մրցանք, որուն դատակաղմի անդամներն են՝ Սեւ Օհանեան, Նաթալի Գասապեան, Վահէ Պէրպէրեան, Փիթըր Քաուի, Ալպերթ Քոտակոլեան եւ Նազի Քոճեան:
Այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ քննարկում «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի առաջնորդութեամբ եւ Նարեկացի ու նոյն համալսարանին մէջ գործող Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոններուն անձնակազմին եւ ուսանողներու մասնակցութեամբ:
Ֆիլմերու ցուցադրութեան եւ քննարկումին մուտքը ազատ է։ Անոնք տեղի պիտի ունենան «Մելնից» սրահին մէջ։
«Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան» գլխաւոր նպատակն է՝ սատարել հայ ինքնութեան ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման։
Համերգին տոմսերը ապահովելու համար, դիմել (818) 538-4911 եւ (310) 825-2101 թիւերուն կամ այցելել՝ www.itsmyseat.com/events/309519.html կայքէջը։ Տոմսեր կարելի է գնել նաեւ «Ticketmaster»էն։
«Ռոյս» սրահին հասցէն է՝ 10745 Dickson Court, Los Angeles, CA 90095։

