Հայաստանի Ելեւմտական Համակարգը Կը Շարունակէ Կայուն Մնալ
Հայաստանի ելեւմտական համակարգը կը շարունակէ կայուն կերպով սպասարկել տնտեսութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն: Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան գնահատման արդիւնքները եւս կը փաստեն այդ մասին։
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին լրագրողներու հետ այսօրուան հանդիպման ժամանակ ըսած է Կեդրոնական դրամատան ելեւմտական համակարգի կայունութեան եւ զարգացման վարչութեան պետ Անդրանիկ Գրիգորեան:
«Տարին դեռ ամփոփուած չէ, սակայն ելեւմտական համակարգը կը շարունակէ կայուն մնալ։ Անիկա կը շարունակէ կայուն կերպով սպասարկել տնտեսութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն՝ թէ՛ ելեւմտական համակարգի յետագայ զարգացման, թէ՛ տնտեսութեան սպասարկելու ունակութեան համար առանց վտանգ առաջացնելու»,- ներկայացուցած է Գրիգորեանը:
Հայաստանը Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան կողմէ անցած է ելեւմտական համակարգի եւ միջազգային փորձին անոր համապատասխանութեան երեք գնահատման ծրագիր՝ 2005-2006թթ., 2012թ. եւ 2018թ.: Առաջինի պարագային հիմնարար սկզբունքներուն համապատասխանութիւնը կազմած է շուրջ 67 տոկոս, 2012-ին՝ 93 տոկոս, իսկ 2018-ին՝ 97 տոկոս: Գրիգորեանի խօսքով՝ ատիկա տարբեր երկիրներու հետ համեմատուած կը համարուի ամենաբարձր ցուցանիշը:
