Ամերիկահայ Բարերարի Միջոցներով ՀՀ-էն 10 Աշկերտ Պիտի Ուսանի Շուշիի «Եզնիկ Մոզեան» Ուսումնարանին Մէջ
Դեկտեմբեր 17-ին, Շուշիի «Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարան»-ի եւ ամերիկահայ բարերար Սեւան Թորոսեանի միջեւ կնքուած է փոխըմբռնման յուշագիր: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Ըստ յուշագիրին՝ Սեւան Թորոսեանի հովանաւորութամբ ՀՀ 10 քաղաքացի կրնայ ուսում ստանալ «Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարան»-ին մէջ:
Իր հերթին, ուսումնարանը կը պարտաւորուի զանոնք ապահովել ժամանակակից աշխատաշուկայի պահանջներուն համապատասխան որակեալ կրթութեամբ:
Փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման ներկայ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Արայիկ Յարութիւնեան ըսած է, որ Արցախի կրթական համակարգը կ՝ընդելուզուի ՀՀ կրթական համակարգին:
«Մեզի համար երկու գերատեսչութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է: Նախաձեռնութեան գաղափարը ծագած է ընթացիկ տարուան ամրան, երբ հասկցանք, որ մենք կարիք ունինք մասնագէտներու, որոնք կը պատրաստուին այստեղ՝ Արցախի մէջ: Ոլորտը ուսումնասիրելով տեսանք, որ ունինք շատ լաւ ուսումնական հաստատութիւն Շուշիի մէջ: Սկսաւ փնտռտուքը նոր գործընկերներու, որոնք պիտի օգնեն իրականացնելու ծրագիրը: Սեւան Թորոսեան արձագանգեց, եւ այս պահուն կրնանք արձանագրել, որ յաջորդ ուսումնական տարին 10 ուսանող արդէն ապահովուած պիտի ըլլայ կրթաթոշակով: ՀՀ-էն այստեղ ուսանելու եկած քաղաքացիները՝ իրենց ստացած մասնագիտութիւններով՝ աշխատաշուկայի մէջ անմիջապէս պիտի գտնեն իրենց տեղը»,- մանրամասնած է Ա. Յարութիւնեան:
Իր հերթին, ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան ըսած է, որ այս նախաձեռնութեամբ իրենք կը կոտրեն կարծրատիպերը:
«Մինչեւ հիմա, ամէն տարի, պետական պատուէրի ծիրէն ներս, արցախցի ուսանողներ կ՝ուսանէին հայաստանեան համալսարաններու մէջ, իսկ այս քայլով կը սկսինք հակառակ գործընթացը: Այսօր, Շուշին կը յաւակնի դառնալ համահայկական կրթական կեդրոն, եւ մեր քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան կրթական հաստատութիւններուն անհրաժեշտ միջոցներ տրամադրելուն: Պէտք է աշխատինք առաջնորդուիլ փոխլրացման սկզբունքով, եւ այդ ընդելուզումը կատարենք շատ աւելի ճիշդ ձեւով»,- աւելցուցած է Ն. Աղաբալեան:
Ծրագիրի հովանաւոր Սեւան Թորոսեան, իր խօսքին մէջ, կարեւոր համարած է նախաձեռնութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ անիկա արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:
«Ուրախ եմ, որ Արցախի մէջ կը գործէ նման հաստատութիւն, որ իր արդիւնքները պիտի տայ նաեւ մայր հայրենիքի մէջ: Ես կ՝աշխատիմ շինարարութեան ոլորտին մէջ եւ կը կարծեմ, որ նոր սերունդը պէտք է աւելի մասնագիտացուած ուսում ստանայ այս բնագաւառին մէջ եւս: Ասիկա սկզիբն է, եւ ծրագիրը պէտք է շարունակական ըլլայ»,- ըսած է Ս. Թորոսեանը:
«Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարան»-ի գործադիր տնօրէն Վասպուրակ Կարապետեան, իր հերթին, ընդգծած է երկու հանրապետութիւններուն միջեւ ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներուն կարեւորութիւնը:
Ան նշած է, որ այս կերպով հնարաւորութիւն կը ստեղծուի, որպէսզի տարուէ տարի աւելի ու աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ ընդգրկուին մասնագիտական կրթութեան ոլորտին մէջ:
Վասպուրակ Կարապետեանի ուղեկցութեամբ հիւրերը շրջայց կատարած են ուսումնարանի տարածքէն ներս, ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն:















