Աննա Յակոբեան Հանդիպումներ Ունեցած է Զուիցերիահայ Բարերարներու եւ Գործարարներու Հետ
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան Զուիցերիոյ Համադաշնութիւն այցին ծիրէն ներս՝ Ժընեւի մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է զուիցերիահայ բարերարներու, գործարարներու եւ հիմնադրամներու նախագահներու հետ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ հանդիպումներուն ընթացքին Աննա Յակոբեանին ուղեկցած են Զուիցերիոյ Համադաշնութեան մէջ ՀՀ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Անահիտ Յարութիւնեանն ու «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեանը: Մասնաւորապէս, Դեկտեմբեր 14-ին, Աննա Յակոբեան հիւրընկալուած է «Արմէնիա» եւ «Ալիանս Արմէնիա» հիմնադրամներու նախագահ, զուիցերիահայ գործարար եւ բարերար Վահէ Գաբրաշի եւ տիկնոջը՝ Հիւգէթ Գաբրաշի մօտ: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ «Փիլիպոսեան եւ Փիլոսեան» հիմնադրամի նախագահ Թերեզա-Ժենտրօ Յակոբեանը, «Արմէնիա» հիմնադրամի տնօրէն Ժան-Վահէ Նիկոլեանը, «Ալիանս Արմէնիա» հիմնադրամի տնօրէն Ալֆրէհ Պակճ եանը, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիմնադրամի նախագահ Դանիէլ Փափազեանը, «Յակոբ Թօփալեան» հիմնադրամի նախագահ Անի Մեսրոպեանը, որ նաեւ Ժընեւի հայկական դպրոցի տնօրէնն է, Ճարտարապետ Իռմա Աւագեանը, «Ֆրագման» ընկերակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Գարիբեանը:
Հանդիպման ընթացքին զուիցերիահայ բարերարները ներկայացուցած են իրենց ծաւալած գործունէութիւնը ինչպէս Զուիցերիոյ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու նոր ծրագիրներու կազմակերպման եւ իրականացման գործին:
Նոյն օրը, Աննա Յակոբեան հիւրընկալուած է նաեւ սփիւռքահայ մեծ բարերար «Պօղոսեան հիմնադրամ»-ի նախագահ Ալպեր Պօղոսեանի եւ տիկնոջ՝ Մոկճան Պօղոսեանի մօտ: Դեկտեմբեր 15-ին, Աննա Յակոբեան այցելած է աշխարհահռչակ «Ֆրանք Միւլեր» գործարան եւ հանդիպած գործարար Վարդան Սրմաքեշին եւ Արթէն Շելեֆեանին: Նոյն օրը երեկոյեան, տիկին Յակոբեանը հիւրընկալուած է Թալին Աւագեանի մօտ, հանդիպած ՀԲԸՄ Զուիցերիոյ կոմիտէի կանանց հետ:
Վերոնշեալ բոլոր հանդիպումներուն ժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, համայնքին մէջ աշխոյժ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին տասնեակ տարիներ շարունակ տարբեր ծրագիրներով աջակցելու համար, Աննա Յակոբեան ներկայացուցած է իր ղեկավարած երկու հիմնադրամներուն գործունէութիւնը, մանրամասն պատմած, թէ գործունէութեան այս կարճ ժամանակահատուին ինչպիսի ծրագիրներ իրականացուած են եւ հիմնադրամները ինչպիսի նպատակներ կը հետապնդեն ու ինչպիսի ծրագիրներ կը նախատեսեն իրականացնելու յառաջիկային:
Հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք՝ ձեռք բերուած են շարք մը համաձայնութիւններ, հնչած են ապագայ համագործակցութեան ուղղուած շարք մը առաջարկներ:
