Սպասելով Ընդդիմութեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Որքա՞ն պիտի սպասենք: Որքա՞ն կարելի է սպասել:

Դեկտեմբեր 9-ի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի արտակարգ ընտրութիւններէն ետք այս հարցադրումները տեղին է շարունակ նշելը:

Սպասուածը պարզ ու մեկին ընդդիմութիւնն է:

Այդ ընդդիմութիւնը, որ կրնայ որոշ ուղղութիւն մը տալ երկրի մը, ուր նոյնինքն ընդդիմութիւնը ղեկը ստանձնելէ ետք ստեղծած է քաղաքական բացակայութիւն մը` պարապութիւն մը, որ հետզհետէ մտահոգիչ կացութիւն կը ստեղծէ:

Իսկ եթէ այդ «Սպասելով ընդդիմութեան»-ը հանրածանօթ թատերագիր Սամուէլ Պեքեթի «Սպասելով Կոտոյին» գործին յար եւ նման ըլլայ, այդ պարագային անհեթեթի թատրոնը խուժած պիտի ըլլայ նաեւ քաղաքական բեմահարթակ` ստեղծելով աններելի անհեթեթութիւն մը, տարբեր իրապաշտ աշխարհի մը մէջ, ուր ամենադոյզն դերն ու շարժումը տարբեր կացութիւններ կը ստեղծեն:

Եթէ «Սպասելով Կոտոյին» մէջ երկու հերոսները` Վլատիմիր եւ Էսթրակոն, կը սպասեն Կոտոյին, որ երբեք չի յայտնուիր, հայորդիին պարագային թատրոն չէ պատահածը: Իսկ եթէ ցայսօր անյայտ ու չքացած ընդդիմութիւնը չյայտնուի, այդ պարագային է, որ կրնայ ղեկավարն ու ղեկավարութիւնը հասցնել մեծամոլութեան:

Նոյնինքն «Սպասելով Կոտոյին» մէջ, վերոյիշեալ երկու հերոսները  իրլանտական առոգանութեամբ կը զրուցեն եւ կ՛արտայայտուին, այդ մէկն ալ դիտմամբ Պեքեթ կը կատարէ` իբրեւ իրլանտացի իր ցասումն ու քննադատութիւնը արտայայտելու Բրիտանիոյ (անդրանիկ ներկայացում` 1953-ին, Փարիզի մէջ) դէմ:

Հայորդիին համար առոգանութեան կարիքը չկայ: Յստակ է, որ առանց որեւէ տեղայնականութիւն ստեղծելու` ընդդիմութեան կարիքը կայ:

Մինչ այդ, արդէն իսկ մօտիկ ապագայի վարչապետը, շտապօրէն գործի անցնելով` կատարած է շտապ յայտարարութիւններ: Առաջին հերթին, ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան  անդրադառնալով` ան յայտնեց, որ Հայաստան անդամ է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ հակառակ ՕԹԱՆ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններու անդամակցելուն եւ գործելուն Քոսովոյի ու Աֆղանիստանի մէջ, երբեք չի ձգտիր անդամակցելու:

Այս արագ եւ բաւական հաւասարակշռուած մատնանշումէն անկախ Փաշինեան աւելի պղտոր ջուրերու մէջ փորձեց որսալ` առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ ուղիղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու նիւթը արծարծելով:

Հետաքրքրականը այն է, որ ան նոյնիսկ կռահած էր Թուրքիոյ պատասխանը, թէ` Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կապուած են Արցախի հիմնահարցին հետ, որուն մէջ առաջնահերթ դեր ունի անոր մօտիկ գործակից Ազրպէյճանը:

Ազգային ժողովի վերջնական դասաւորումները չկատարուած` տեղի կ՛ունենան պատասխանատու արտայայտութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար կ՛ազդեն երկրի ազգային ապահովութեան վրայ:

Ժամանակը կարճ է: Հայաստանի Կոտոն` ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ, պէտք է որ յայտնուի:

… Անյապաղ` սպասելով ընդդիմութեան: