Եւրասիական Զարգացման Դրամատունը Հայաստանին 1 Միլիոն Տոլարի Դրամաշնորհ Պիտի Տրամադրէ

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրասիական զարգացման դրամատունը Հայաստանին մէկ միլիոն տոլարի դրամաշնորհ պիտի տրամադրէ՝ «Նախնական փուլի ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ բուժման մեթոտներու կատարելագործման» ծրագիրի իրականացման համար: Ըստ armenpress.am-ի՝ այս մասին յայտնած են Եւրասիական զարգացման դրամատունէն:

Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուած է ընթացիկ տարուան Ապրիլին:

Ծրագիրը միտուած է առաջին օգնութեան բուժհաստատութիւններու մէջ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու վաղ յայտնաբերման եւ բուժման մեթոտներու կատարելագործման: Ծրագիրը պիտի իրականացուի Լոռիի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ:

 

Leave a Reply