Պաշտօնանկութիւններ եւ Նոր Նշանակումներ Արցախի Կառավարութեան Մէջ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որու համաձայն` զօրավար Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահ Սահակեանի ստորագրած մէկ այլ հրամանագիրով` զօրավար Կարէն Աբրահամեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետի պաշտօնէն:

Արցախի նախագահի հրամանագիրով` գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետ` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 42009 զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն:

ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով` Լեւոն Մնացականեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն:

Նախագահի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուի. «Նախագահի հաստատած կառավարութեան որոշումով` Կարէն Սարգսեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն”: