Պոլսահայ Լրագրողին՝ «Սուրի Աւելցուկ» Կոչած Թուրք Դասախօսին Դէմ Դատ Պիտի Բացուի

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսահայ լրագրող ու քաղաքական գործիչ Հայկօ Պաղտատ, որ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան գործօն անդամներէն մէկն է եւ որ իրեն դէմ եղած սպառնալիքներուն հետեւանքով ներկայիս արտասահման մեկնած է, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի մասին գրուած գրութեան մը համար դարձեալ թշնամանքի ու սպառնալիքի  նշաւակ դարձաւ։

Ըստ “Մարմարա”-ի՝ Հայկօ Պաղտատ Դեկտեմբեր 6-ին, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած էր, որ Սոյլու դատարանին կողմէ պէտք է դատուի երկրին մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն պատճառով։

Հայկօ Պաղտատի այս գրութեան դէմ ծանր պատասխան մը եկաւ Պոլսոյ «Պայսալ» համալսարանի ընկերաբանութեան բաժինի նախագահ, փրոֆ. Եահիա Մուսթաֆա Քոսքինէն, որ գրեց. «Եթէ կրնաս, եկուր ու դատէ տեսնենք, սուրի աւելցուք»։

«Սուրի աւելցուք» բացատրութիւնը շատ լուրջ եւ նախատական արտայայտութիւն է եւ կը նշանակէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող։ Քեսքինի այս արտայայտութիւնը տեղի տուաւ ծանր հակազդեցութեան, եւ Քեսքին աւելի ուշ պարտադրուած եղաւ փակելու «Թուիթըր»-ի իր էջը։

Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին անունով Էրեն Քեսքին Դեկտեմբեր 11-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ըսուեցաւ, թէ դատական հետապնդում պիտի կատարուի փրոֆ. Քեսքինի դէմ։