ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամը Ֆրանսայի Մէջ Արժանացած է Տարուան «Մետիայի Մարդ» Կոչման
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան արժանացած է տարուան «Մետիայի մարդ» կոչման:
Yerkir.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշած է, որ ինքը հիմնադրած է «MediaSchool» ընկերութիւնը, որ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած է 30 մասնաւոր համալսարաններէ: Անիկա ունի 5000 ուսանող Ֆրանսայի 7 մեծ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի, Պարսելոնայի եւ Պրիւքսէլի մէջ:
«Հպարտ եմ եւ զգացուած «Մետիայի մարդ» կոչման արժանանալու համար: Շնորհակալ եմ նաեւ խումբերուն, առանց որոնց` անհնար պիտի ըլլար անիկա»,- նշած է Մուրատ Փափազեան:
