ՀԵԴ-ն Կը Նախաձեռնէ Դրամահաւաքի՝ Ի Նպաստ Հայաստանի Մէջ Կանանց Դէմ Բռնութեանց Կասեցման Պայքարին
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) հովանիին տակ գործող Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը նախաձեռնած է շապիկներու վաճառքի միջոցով դրամահաւաքի մը, նիւթապէս աջակցելու Հայաստանի մէջ կանանց դէմ բռնութեանց վերջ դնելու համար տարուող պայքարին։
Այս նախաձեռնութեան կարելի է աջակցիլ՝ «Վերջ Կանանց Բռնութեան» պատգամը կրող շապիկներէն գնելով, www.ayfwest.org/shop կայքէջէն։
Հաւաքուած գումարը պիտի տրամադրուի այս նպատակով Հայաստանի մէջ գործող երկու կազմակերպութիւններու՝ «Կանանց աջակցման կեդրոն»ին եւ «Հասարակութիւն առանց բռնութեան», որոնք պայքար կը տանին կասեցնելու համար կանանց դէմ բռնութիւնները, նոյն ժամանակ ջանալով սեռային անհաւասարութեան վերջ տալ։
Միայն ամիս մը առաջ, 20-ամեայ Քրիստին Իսքանդարեան սպաննուած էր, իր ամուսնոյն կողմէ ծանրօրէն ծեծի ենթարկուելէ ետք։
«Այս նախաձեռնութեան միջոցաւ կը փափաքինք լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի մէջ կանանց դէմ բռնութեանց հարցը, նոյն ժամանակ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելով եւ գործնականապէս նպաստելով այս ախտին դէմ տարուող պայքարին»,- կը յայտնէ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի համաատենապետ Յասմիկ Պուրուշեան։
Նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ ՀԵԴ-ի Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդին նախաձեռնած՝ «Սէր Ծրագիր»-ին, որուն նպատակն է սեռային հաւասարութիւն եւ միասեռականութեան նկատմամբ ըմբռնողութիւն ջատագովել:
