Համաշխարհային Մամուլը Արձանագրած է Նիկոլ Փաշինեանի Համոզիչ Յաղթանակը Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Աշխարհ, Հայաստան

Ամբողջ աշխարհի առաջատար լրատուամիջոցները՝ ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք՝ իրենց ուշադրութիւնը կրկին սեւեռեցին Հայաստանի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenprerss.am-ը։

«Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ամրապնդեց իր իշխանութիւնը, երբ իր ղեկավարած քաղաքական ուժը յաղթանակ տօնեց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն»,- գրած է բրիտանական The Guardian-ը: Պարբերականը մէջբերած է ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք Փաշինեանի խօսքերը, որ «Հայաստանի քաղաքացիները խորհրդարանին մէջ կազմած են յեղափոխական մեծամասնութիւն»:

Sputnik News-ը նշած է, որ նախկին իշխող ուժը՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, առաջին անգամ ձախողած է յաղթահարելու 5 տոկոսանոց նախընտրական շեմը՝ անցնելու խորհրդարան՝ հաւաքելով ընդամէնը 4.7 տոկոս ձայն:

«Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի դաշինքը դիւրութեամբ յաղթած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն»,- գրած է Reuters-ը:

Իսկ Euronews-ը, արձանագրելով, որ «Իմ քայլը» դաշինքը ստացած է ձայներու 70.43 տոկոսը, նշած է. «Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը ամբողջական յաղթանակ կը տանի»:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեանի տուեալներով՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած էր 40 օտարերկրեայ լրատուամիջոցի աւելի քան 80 լրագրող:

Անոնք սկսած էին լուսաբանել ընտրութիւնները Դեկտեմբեր 9-ի առաւօտեան: