
Ցեղասպանութիւնը Իբրեւ Յանցագործութիւն Չէ Վերացած Միջազգային Քննարկումներու Օրակարգէն. Զոհրապ Մնացականեան
Ցեղասպանութիւնը իբրեւ յանցագործութիւն չէ վերացած միջազգային քննարկումներու օրակարգէն, ցեղասպանութիւններու վտանգը դեռ կայ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային համաժողովին ընթացքին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան՝ ջերմօրէն ողջունելով համաժողովի մասնակիցներուն յետընտրական առաջին առաւօտը ՀՀ-ի մէջ:
Անոր խօսքով՝ մենք կ՝ապրինք արագ փոփոխուող աշխարհի մէջ, աճող ժողովրդականութեան, արմատականութեան, անհանդուրժողականութեան աշխարհի մը մէջ, ուր մարդու իրաւունքները կ՝ինան երկրորդ տեղ, որ չափազանց վտանգաւոր է: «Մենք գիտենք, որ աճող, զարգացող հասարակական ցանցերու, գաղափարներու յարաճուն տարածման ժամանակաշրջանին, դժբախտաբար, նաեւ այնպիսի գաղափարներու, որոնք կը սերմանեն անհանդուրժողականութիւն, ատելութեան փառաբանում, կը բախինք մարտահրաւէրի: Այսօր իրականացուող համաժողովի հիմնական նպատակը պէտք է միտուած ըլլայ այս խնդիրներու լուծման, անհամբեր կը սպասեմ այն գաղափարներուն, մտքերուն, որոնք պիտի ունենան լուծումներ, որոնցմով մենք պիտի հարստացնենք մեր զինանոցը այս պայքարի ծիրին մէջ»,- ըսած է ան:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը յիշեցուցած է, որ 2015-ին ՄԱԿ-ը ընդհանուր ժողովին որոշում կայացուց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման միջազգային օրը սահմանելու վերաբերեալ: «2005-2018 թուականներուն մենք խթանած ենք ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնական ջանքերը: 2015-ին Հայաստանը եւս մէկ օժանդակ միջոց բերաւ այս գործընթացի իրականացման՝ մասնաւորապէս այս համաշխարհային համաժողովին կազմակերպումով եւ ես խորապէս շնորհակալ եմ բոլորիդ այսօր Հայաստան գալու համար»,- ընդգծած է Զոհրապ Մնացականեան՝ աւելցնելով, որ համաժողովին կը մասնակցի նաեւ գիտական համայնքի՝ ցեղասպանագէտներու ներկայացուցչական խումբ, որ հաւաքուած է կանխարգիլման լաւագոյն եղանակը մշակելու համար՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կրթութեան վրայ: