Փաշինեան Պատասխանած է Թրքական Լրատուամիջոցի Հարցերուն

Աշխարհ, Հայաստան

Թրքական «T24» պարբերականի լրագրող Շիրին Փայզընը Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները լուսաբանելու նպատակով եղած է Երեւան եւ կարճ զրոյց ունեցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թուրք լրագրողի հարցին, թէ ինչ սպասելիքներ կան ընտրութիւններէն, Փաշինեան պատասխանած է.

«Կ՝ակնկալեմ, որ ըլլան ազատ, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական»։

Փայզըն Փաշինեանէն հետաքրքրուած է, թէ ի՞նչ է իր առաջնային նպատակը եւ ինչը պիտի փոխէ Հայաստանի մէջ:

«Մեր գլխաւոր նպատակը ժողովրդավարութիւնն է եւ ըստ ինծի՝ այս պահուն մենք ատոր հասած ենք»,- պատասխանած է վարչապետի պաշտօնակատարը։

Փաշինեան թուրք լրագրողի հարցին, թէ ինչպէս պիտի զարգանան Հայաստանի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ՝ ըսած է, որ այդ մասին պիտի խօսի աւելի ուշ: