
Գամիշլիի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ի Յիշատակ ՀՄԸՄ-ի Ննջեցեալներուն
Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալներուն ու նահատակներուն։
Արարողութիւնը կատարեց Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ.Նալպանտեան, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբայր Զաւէն Գասպարեանի, ՀՄԸՄ-ի Վարչութեան եւ Սկաուտական Խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ականներու եւ համակիրներու բազմութեան։
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ գաւիթ, ուր տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն
«Գանձասար»