Դամասկոսի Մէջ Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէս, Տօնավաճառ (լուսանկարներ)

Սփիւռք

ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս-տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 1 Դեկտեմբեր 2018-ին, Դամասկոսի «Տամարոզ» պանդոկի «Ալ Մութանապի» սրահէն ներս։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սոնա Քիւրտեան եւ մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Մարիա Գաթըքլեան: Բացման ներկայ էին «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնի պատասխանատու մարմինի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Շնորհիւ ՍՕԽ-ի Ձեռարուեստի եւ Տնտեսական յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ ժրաջան անդամուհիներուն միասնական ջանքերուն ու աշխատանքին, ցուցահանդէսը յաջողութեամբ օժտուեցաւ։ Ցուցահանդէսը յատկանշական էր հայկական այլազան ձեռագործներով, ճաշատեսակներով եւ քաղցրեղէններով, որոնք մեծ գնահատանքի արժանացան այցելուներուն կողմէ: