
Քանդելը Հեշտ է, Մանաւանդ, Երբ դուն Չես Կառուցած. Լիլիթ Գալստեան
Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի երկար տարիներու նախկին տնօրէն, հասարակական-քաղաքական գործիչ, քաղաքագէտ, հրապարակախօս Լիլիթ Գալստեան անդրադարձած է Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոնէն ներս տիրող լարուած վիճակին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր անդրադարձը ամբողջութեամբ.
«Համազգայինի թատրոնին շուրջ զարգացող իրադարձութիւններուն հանդէպ չեմ կրնար անտարբեր մնալ, պարզապէս բարոյական իրաւունք չունիմ։ Անիկա ինծի համար սոսկ թատրոն չէ, սա մեր թատրոնն է, որուն ծնունդի մասնակիցն ու վկան եմ, անոր յաջողութիւններով հպարտացողը, անոր ներկայ ճակատագրով տագնապողը։
1991 թուականին, երբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը հաստատուէր Հայաստանի մէջ, եւ կու գար յետխորհրդային փլուզումի, պատերազմի, շրջափակման, մութի ու ցուրտի իրականութեան մէջ հոգեւոր-մշակութային ովասիսներ կերտելու եւ նեցուկ ըլլալու նահանջող մշակութային կեանքին, մեր առաջին նախաձեռնութիւններէն մէկը եղաւ Համազգային թատրոնի հիմնադրումը։
Թատրոնը Սօս Սարգսեանի զաւակն էր, տունը, նուիրումը, երազանքը, սէրը։ Այդ նուիրումն ու սէրը մեր՝ Համազգայինի թատրոն բերաւ ժամանակի լաւագոյնները՝ Կարէն Ջանիբեկեան, Գալիա Նովենց, Շահում Ղազարեան, Աննա Էլբակեան, Կարինէ Ջանջուղազեան, Դաւիթ Յակոբեան, Հրաչեայ Գասպարեան։ Սօս Սարգսան կերտեց թատրոն՝ երիտասարդ հրաշալի սերունդով, կայուն խաղացանկով։ Շատ արագ անիկա վաւերական ներկայութիւն դարձաւ մեր մշակութային կեանքէն, եւ 2003-ին անոր շնորհուեցաւ պետական կարգավիճակ։ Միեւնոյնն է, թատրոնը երբեք չդադրեցաւ մերը/իմս ըլլալէն:
Երկու տարի առաջ, երբ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար նշանակուեցաւ Վիգէն Չալդրանեան, համոզում ունէի, որ պիտի յաջողին։ Տաղանդաւոր Վիգէն Չալդրանեանին չհաւատալու պատճառ չկար, բայց չյաջողեցաւ:
Յստակ է, թատերախումբ-գեղարուեստական ղեկավար քիմիան չէ յաջողած։
Մեղաւորներ չեմ փնտռեր, բայց իրողութիւնը այն է, որ անդառնալիութեան գիծը հատած է, թատրոնը կաթուածահար է։ Տարիներով հունցուած աւանդոյթներ, փիլիսոփայութիւն, գեղարուեստական, գեղագիտական ու ստեղծագործական սկզբունքներ ունեցող թատերախումբը իր ապագայի այլ պատկերացումներն ունի։
Խնդիրին խոհեմ լուծում տալու փոխարէն՝ Մշակոյթի նախարարութիւնը աւելի կը բարդացնէ կացութիւնը՝ առանց թատերախումբին հետ խորհրդակցելու՝ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար նշանակելով Սուրէն Շահուերդեանը։
Իրաւական տեսանկիւնէն կը թուի, թէ ամէն ինչ կարգին է. ՊՈԱԿ-ի մասին օրէնքը այդ նախատեսումը ունի։ Բայց որքան հեռու պիտի ըլլայ մէկը ԹԱՏՐՈՆ երեւոյթէն՝ չհասկնալու, որ թատրոնը շարքային ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն չէ, թատրոնը շնչող, ապրող, արարող, անհատականութիւն եւ աւանդոյթ ունեցող երեւոյթ է, որուն հետ կարելի չէ վարչահրամայական մեթոտներով խօսիլ։
Առհասարակ, մշակոյթի կառավարումը այլ մօտեցում ու ճանաչողութիւն կը պահանջէ:
Սակայն իրավիճակը ոչ միայն մտահոգիչ կը դարձնէ, այլեւ լաւատեսութեան յոյս չի ներշնչեր նորանշանակ գեղարուեստական ղեկավարի յայտարարութիւնը, թէ «Եթէ կ’ըլլան մարդիկ, որոնք չեն ուզեր աշխատիլ, գիտէք ինչքան տաղանդաւոր դերասաններ կան, որ թատրոնի դռները կը թակեն»։
Ասիկա Համազգային թատրոնի հիմնադիրներու, հնաբնակներու եւ պարզապէս այդ օճախը կերտած մարդոց հետ խօսելու ո՛չ ճշմարիտ ոճ է, ո՛չ ալ՝ ստեղծագործող մարդու վարքագիծ։
Ուրկէ՞ եկած է թատրոնի հետ վերէն խօսելու այդ ինքնավստահութիւնը:
Քանդելը հեշտ է, մանաւանդ, երբ դուն չես կառուցած, փորձեցէք սիրել ու կառուցել ձեր թատրոնը։
Յոյսով եմ, որ կը գտնուին խելամիտ լուծումներ, եւ նախ, մեր՝ Համազգային թատրոնի հնաբնակները թոյլ չեն տար, որ մշուշոտ դառնայ տարիներով վաստակուած թատրոնի ճակատագիրը»։