Պէ՞տք է Արդեօք Հայաստանը Քաղաքացիութիւն Շնորհէ Օտարերկրեայ Ներդրողներուն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան.

 

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան արտասահմանեան ներդրողներու ներգրաւումը կը համարէ իր նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը:

Դեռ կանուխ է որոշել, թէ արդեօ՞ք օտարերկրեայ ներդրողները շահագրգռուած են գործարարութեամբ զբաղելու Հայաստանի մէջ: Նոր ներդրողներու բացակայութեան ընդհանուր բացատրութիւնը հետեւեալն է՝ անոնք կը սպասեն 2018 Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն: Կ՝ակնկալուի, որ վարչապետի պաշտօնակատարի կուսակցութիւնը պիտի ստանայ պատգամաւորական իրաւագիրներուն մեծամասնութիւնը: Կառավարութեան պաշտօնատարները կը կարծեն, որ ատիկա պիտի խրախուսէ օտարերկրացիները սկսելու ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ:

Այնուամենայնիւ, գոյութիւն ունի լրացուցիչ միջոց, որմով Հայաստանը կրնայ համեմատաբար արագ ներգրաւել նոր օտարերկրեայ ներդրողներ՝ անոնց քաղաքացիութիւն առաջարկելով: Աշխարհի շատ երկիրներ նման քաղաքացիութիւն կ՝առաջարկեն օտարերկրացիներուն, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան եւ երրորդ աշխարհի երկիրները:

Այս տարուան սկիզբը հետաքննութեամբ զբաղող hetq.am կայքը յօդուած հրապարակած էր Arton Capital-ի մասին, որ մասնագիտացած է «քաղաքացիութիւն ներդրումներու միջոցով» ծրագիրներու մէջ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ներգաղթի քաղաքականութեան զարգացման միջազգային կեդրոնին հրաւէրով՝ ընկերութեան պատուիրակութիւնը անցեալ տարի այցելած էր Հայաստան: Այցելութենէն ետք՝ Arton Capital-ի կայքը նշած է. «ներդրումներու միջոցով քաղաքացիութեան հայեցակարգի գաղափարը ընդունուած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան, նախագահի աշխատակազմի, Կեդրոնական դրամատան, ոստիկանութեան, գաղթականութեան պետական ծառայութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնին կողմէ:

Պուլկարահայ Արմանտ Արթոնը Arton Capital ընկերութեան նախագահն է, իսկ Էմիլ Շահմուրատեանը՝ գործարարութեան զարգացման գծով փոխնախագահը: Arton Capital-ը գրասենեակներ ունի տասնեակ երկիրներու մէջ: Իր ընկերութեան կայքէջին մէջ Արմանտ Արթոն նշած է. «իբրեւ հպարտ հայ, ինծի համար մեծ պատիւ է առաջարկելու իմ տարիներու մասնագիտական փորձն ու հմուտ «նոու-հաու»-ը՝ օգնելու երկրին իր արտաքին ուղղակի ներդրումային նպատակներուն հասնելու համար: Arton Capital-ը իր բարեգործական յանձնառութեան աջակցման համար խոստացած է խորհրդատուական վճարները նուիրաբերել Հայաստանի մէջ փախստականներուն իբրեւ օգնութիւն: Աւելի քան 20 հազար սուրիացի, որոնք մեծ մասամբ հայեր են, ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ, 2011-ի  սուրիական պատերազմին սկիզբէն»:

Նման ծրագիրներ առաջարկող երկիրները օտարերկրացիներէն կը պահանջեն քաղաքացիութիւն ստանալու համար ներդրումներու տարբեր մակարդակներ: Arton Capital-ը Հայաստանին կ՝առաջարկէ պահանջել 50 հազար տոլարի փոքր գումար`իբրեւ օտարերկրացիի համար քաղաքացի դառնալու նուազագոյն ներդրում: Այլ երկիրներ աւելի շատ կը պահանջեն օտարերկրեայ ներդրողներէն, իսկ առաւել գրաւիչ երկիրները կը պահանջեն աւելի քան 10 միլիոն տոլարի ներդրում քաղաքացիութիւն ստանալու համար: Ընկերութիւնը կը կարծէ, որ յառաջիկայ վեց տարուան ընթացքին Հայաստանը պիտի ստանայ 138 միլիոն տոլարի լրացուցիչ եկամուտ, եթէ իրականացնէ առաջարկուող ներդրումները քաղաքացիութեան ծրագիրի համար:

Ըստ hetq.am կայքի՝ Arton Capital-ը խորհուրդ տուած է, որ «Հայաստանը հաւանական ներդրողներուն առաջարկէ երկու տարբերակ՝ 50 հազար տոլարի ուղղակի ներդրում պետական որեւէ հիմնադրամի կամ 100 հազար տոլարի ներդրում՝ կառավարութեան կողմէ ընտրուած դրամագլուխի կառավարման ընկերութիւններուն կողմէ ֆինանսաւորուող հիմնադրամին՝ որոշակի եկամուտի հնարաւորութեամբ: Ան նաեւ կ՝առաջարկէ Հայաստանին սահմանել երկու տեսակի վճար: Առաջինը մինչեւ 10 հազար տոլարի չվերադարձուող գործընթացի վճար, իսկ երկրորդը, որուն գումարը չի նշուիր, պիտի ընդգրկէ դիմորդներու անձնական փաստաթուղթերու եւ եկամուտի աղբիւրներու ստուգումը»:

Arton Capital-ը Հայաստան կատարած ուղեւորութեան զեկոյցին մէջ «կարեւոր կը համարէ երկրի դրական կողմերը, ինչպէս՝ անոր ամուր կապերը համաշխարհային տնտեսական կեդրոններուն հետ եւ անոր աշխարհագրական ու մշակութային մօտիկութիւնը ռազմավարական շուկաներուն։ Հայաստանը կ՝առաջարկէ ներդրողներու մուտք դէպի Ռուսիա եւ գրեթէ բոլոր ետխորհրդային պետութիւններ, որ կը նշանակէ մօտ 250 միլիոն հաւանական սպառող, ներառեալ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, աւելցած գրեթէ 82 միլիոնէն աւելի սպառող հարեւան Իրանի մէջ, որուն հետ երկիրը ունի բարիդրացիական յարաբերութիւններ։ Եւ եթէ երկիրը հասնի առանց վիզայի մուտք Շէնկենեան գօտի, որ հնարաւոր է 5-7 տարի ետք, ան կրնայ արդարացիօրէն պնդել, որ վերականգնած է իր պատմական դերը իբրեւ արեւմուտքը արեւելքին կապող կանգառ Մետաքսի ճանապարհին։ Ընդհանուր առմամբ, երկարաժամկէտ արժէքներ հետապնդող ներդրողները կրնան համոզուիլ Հայաստանի առաւելութիւններուն հիման վրայ: Ելքով (առանց մուտքի արտօնութեան) դէպի 60 եւ աւելի երկիր, իր առանձնայատուկ փոխյարաբերութիւններով Ռուսիոյ հետ եւ աշխարհագրական հարեւանութեամբ Իրանի հետ, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը պիտի դիտուի ո՛չ միայն իբրեւ մարդու ապագայի եւ անվտանգութեան ապահովման միջոց, այլեւ իբրեւ  ռազմավարական քայլ գործարարութեան զարգացման եւ դիրքաւորման համար»:

Յատկանշական է, որ hetq.am-ը իր յօդուածին մէջ զգուշացուցած է, որ շատ օտարերկրացիներ, որոնք շահագրգռուած են ներդրումներ կատարել քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար, կրնան իրենց հետ բերել ամէն տեսակի ապօրինի գործողութիւններ, ինչպէս՝ հարկերէ խուսափիլը, դրամի լուացումը, կաշառակերութիւնը եւ կազմակերպուած յանցաւորութիւնը:

Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնատար անձինք պէտք է հաւասարակշռեն քաղաքացիութեան ծրագիրին համար ներդրումներուն օգուտները անոր թերութիւններուն հետ։ Արտասահմանցի դիմորդները պէտք է մանրակրկիտ քննութեան ենթարկուին՝ մինչեւ իրենց ներդրումներուն դիմաց Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը:

Թարմացում ԱՄՆ ընտրութիւններուն ամերիկահայ թեկնածուներու վերաբերեալ

Ի յաւելումն ԱՄՆ-ի միջանկեալ ընտրութիւններու ամերիկահայ թեկնածուներու ցանկի, որոնց մասին ես տեղեկացուցած էի նախորդ յօդուածով՝

– Տիք Հարփութլեան (դեմոկրատ) ընտրուած է Հարաւային Քարոլինա նահանգի
Ծերակոյտին մէջ, 2018 Նոյեմբեր 6-ին։ Ան յաղթած է ձայներու 52.3 տոկոսով ընդդէմ հանրապետական մրցակից Պենճամին Տանի (47.6 տոկոս)։

– Էնթընի Պրինտիզին (դեմոկրատ) քուէարկութեան վերջնական հաշուարկին համաձայն ընտրուած է Քոնկրէսի անդամ Նիւ Եորք նահանգէն, 2018 Նոյեմբեր 6-ին։ Պրինտիզիի նախատատը ծնած է Մարտին, հարաւ-արեւելեան Թուրքիա եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ փախած է Հալէպ, Սուրիա, ուր ծնած է անոր մեծ մայրը։ 2019 Յունուարի դրութեամբ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ պիտի ըլլայ երեք ամերիկահայ՝ Պրինտիզին, Էշուն եւ Սփիրը:

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը