ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու Ժողովին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 23-25 Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու (ԵԵԸ – Young European Socialists) Բիւրոյի ժողովը: ՀՅԴ Երիտասարդականի անունով ժողովին մասնակցեցաւ Սարինէ Աբրահամեան (Նիտըրլանտներ):

Ժողովին կը մասնակցէին աւելի քան 40 երիտասարդ ընկերվարականներ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ՝ Սպանիա, Փորթուկալ, Պուլկարիա, Նիտըրլանտներ, Գերմանիա, Յունաստան, Պելճիքա, Ֆինլանտա, Դանիա, Իտալիա, Շուէտ, Նորուէկիա, Խորուաթիա, Մակեդոնիա, Կիպրոս եւ այլն:

Նշելի է, որ Բիւրոյի ժողովը կը կայանայ տարին երկու անգամ, ուր կազմակերպութեան նախագահութիւնը եւ վարչութունը կը ներկայացնեն իրենց կատարած գործունէութեան հաշուետւութիւնը, կը ճշդուի կազմակերպութեան քաղաքականութեան ուղղութիւնը եւ կ՝ընդունուին բանաձեւեր: Ժողովին բանաձեւեր ընդունուեցան միջավայրի պահպանութեան, ընկերային արդարութեան, կանանց իրաւունքներու եւ առողջապահութեան ապահովագրութեան վերաբերեալ:

ԵԵԸ-ի նախագահութիւնը ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները, որոնք քննարկուեցան եւ գնահատուեցան: Որոշուեցաւ կազմակերպութեան քարոզչութեան ուղղութիւնը Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններու կապակցութեամբ, որոնք տեղի պիտի ունենան 2019 Մայիսի 23-ին:

Ընդունուեցաւ նաեւ ԵԵԸ-ի Եւրոխորհրդարանին ընդառաջ մանիֆեսթը:

Ժողովին, ըստ օրակարգի, անդամ կազմակերպութիւնները զեկուցեցին իրենց երկրին մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին, ձեռքբերումներուն եւ չկատարած աշխատանքներուն մասին:

Սարինէ Աբրահամեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն եւ կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն: Ժողովի պաշտօնական օրակարգէն դուրս, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը բազմաթիւ երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ մասնակից պատուիրակութիւններու հետ՝ ՀՅԴ Երիտասարդականի եւ անոնց միջեւ համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ է:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ

ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ