Դաշնակցականները Վանաձորի Մէջ Յարգեցին Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Յիշատակը
ՀՅԴ Լոռիի Մարզային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Վանաձորի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ, Յուլիս 27-ին, տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն, որուն կը մասնակցէին, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեանը, Լոռիի Մարզային կոմիտէի, Վանաձորի կոմիտէութեան անդամներ, ՀՅԴ Վանաձորի ամառնային ճամբարի 120-էն աւելի մասնակիցներ, Քանատայի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամներ, Վանաձորի եւ քոյր քաղաք Փասատենայի ՀՕՄ-ուհիներ:
Հոգեհանգիստի արարողութիւնը կատարեց Վահան քհնյ. Ազարեանը: «Շա՜տ շատե՜րը մինչ օրս ալ չեն հասկնար, թէ ինչ է վէրքը, վէրքի բուժման ընթացքը եւ անմտաբար այս տղաները կը կոչեն ահաբեկիչներ, հակառակ անոր որ ոչ մէկուն սրտին ու արեան մէջ ահաբեկիչի տրոփիւն չի գտնուիր»,- նշեց ան:
«Պէյրութցի տղաները գացին գիտակցուած մահուան` փաստելով, որ իրենց պայքարը արկածախնդրութիւն չէ, այլ` բարոյական եւ քաղաքական առումով արդարացած պայքար»,- ըսաւ Լոռիի Մարզային կոմիտէի նախագահ Ռոբերտ Գրիգորեանը:

