ՀՀ ԶՈւ-ն Իրականացուցած է «Տոչկա» Հրթիռային Համակարգի Փորձնական Արձակում

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը իրականացուցած են «Տոչկա» հրթիռային համակարգի փորձնական արձակում: Հրթիռը ճշգրիտ խոցած է պայմանական թիրախը՝ 65 քիլօմեթր հեռաւորութենէն: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուող «Զինուժ» հաղորդաշարը բացառիկ նիւթ պատրաստած է «Տոչկա» հրթիռային համակարգի փորձնական արձակման մասին:

Հեռուստադիտողները նիւթը դիտելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան Դեկտեմբեր 1-ին, ժամը 21:45-ին, Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով։

«Զինուժ մեդիա»-ն Youtube-ի վրայ արդէն տարածած է նիւթէն կարճ հատուած մը, ուր կարելի է տեսնել «Տոչկա»-ի համազարկը: