ՀՀ Նախագահը Պեռլինի Մէջ Մասնակցած է Համաշխարհային Անվտանգութեան Հարցերով Քննարկման

Աշխարհ, Հայաստան

Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն մեկնած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Պեռլինի մէջ, այսօր, մասնակցած է Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին կողմէ կազմակերպուած քննարկումին:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ քննարկումին ներկայ եղած են համաժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Իշինկեր, ԳԴՀ արտաքին քաղաքական եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, ԱԺ եւ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ, անվտանգութեան հարցերով յայտնի փորձագէտներ, հետազօտական կեդրոններու ղեկավարներ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ եղած են համաշխարհային անվտանգութեան, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններու, առկայ մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու, զանոնք դիմակայելու հնարաւորութիւններու շուրջ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանը բաց է համագործակցութեան համար եւ պատրաստ է դառնալու տարաբնոյթ քննարկումներու հարթակ։