2019-ին Թալիշի մէջ Պիտի Աւարտին Բոլոր Շինարարական Աշխատանքները
2019 թուականին Թալիշի մէջ պիտի աւարտին բոլոր ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքները:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին Նոյեմբեր 26-ին ըսած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:
Անոր խօսքով` երկու փուլով կ՛աւարտին բնակելի տուներու վերանորոգման աշխատանքները: «Եւս 8 նոր բնակելի տան շինարարութեան սկսած են: Այսպիսով Թալիշի մէջ պիտի ունենանք դպրոց, մանկապարտէզ, համայնքային կեդրոն, հանդիսութիւններու դահլիճ, հասարակական նշանակութեան շէնք»,- նշած է նախարարը:
