Բակօ Սահակեան Մոսկուայի Մէջ Հայ Գործարարներու եւ Բարերարներու Հետ Հանդիպած է
Նոյեմբեր 24-26 Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցած է ուսաստանաբնակ խումբ մը հայ գործարարներու եւ բարերարներու հետ:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքէջին, քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Բակօ Սահակեան գոհունակութեամբ նշած է, որ ռուսաստանաբնակ հայրենակիցները աշխոյժօրէն կը մասնակցին Արցախի զարգացման եւ շէնացման գործին, յոյս յայտնելով, որ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային։
