Հայաստան Տնտեսական Մրցակցութեան Ոլորտին Մէջ 9 Կէտով Բարելաւած Է Իր Դիրքը
Համաշխարհային տնտեսական բեմահարթակի 2018-ի զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստան տնտեսական մրցակցութեան ոլորտին մէջ 9 կէտով բարելաւած է իր դիրքը՝ աշխարհի 140 երկիրներու շարքին գրաւելով 19-րդ հորիզոնականը: 2017-ին, Հայաստան կը գրաւէր 28-րդ հորիզոնականը:
Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Շաբոյեան նշեց, որ Հայաստան այս առումով առաջատար է ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու շարքին, ինչպէս նաեւ առաջ անցած է տարածաշրջանի, ԱՊՀ անդամ եւ Արեւելեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներէ:
«Եթէ առաջ կարագի շուկային մէջ գործած է 24 տնտեսվարող, ապա այս տարուան տուեալներով՝ ներմուծողները 57-ն են: Կարագի շուկային մէջ գերիշխող տնտեսվարողի մասնաբաժինը նշուած ժամանակահատուածին նուազած է՝ 74 տոկոսէն դառնալով 49 տոկոս: Ալիւրի շուկային մէջ 2014-ի 30 տնտեսվարողի փոխարէն 2018-ին կը գործումեն արդէն 149-ը, խոշորներու մասնաբաժինը այս պարագային եւս նուազած է՝ դառնալով 38 տոկոսէն 5 տոկոս, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ալիւրի շուկային մէջ գերիշխող տնտեսվարողներ չկան»,- յայտնեց Շաբոյեան:
Ըստ Շաբոյեանի՝ իրավիճակը նոյնն է հանրութեան համար կարեւոր գրեթէ բոլոր ապրանքի շուկաներու պարագային. շաքարաւազի գծով 4 տարուան մէջ ներածողներուն թիւը 36-էն հասած է 62-ի, իսկ գերիշխողի մասնաբաժինը նուազած է 94-էն՝ հասնելով 78-ի: Պանան ներածող 9 ընկերութեան փոխարէն այսօր ներածող ընկերութիւններուն թիւը 21 է, իսկ գերիշխողի մասնաբաժինը նուազած է՝ 92 տոկոսէն հասնելով 56-ի:
