Սասուն Միքայէլեանը Կա՛մ Չէ Հասկցած` Ինչ Կ՛ըսէ, Կա՛մ Ալ Կը Փորձէ Նսեմացնել Արցախեան Հերոսամարտը. Գեղամ Մանուկեան

Հայաստան

Նոյեմբեր 26-ին ՀՅԴ-ն իր քարոզարշաւը սկսաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին քովէն:

Դաշնակցութեան համամասնական եւ վարկանշային ցուցակով թեկնածու առաջադրուած Գեղամ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ քարոզարշաւը կը սկսին Արամ Մանուկեանի արձանին քովէն, որպէսզի նախ հաշուետու ըլլան անոր, որ կերտած է պետականութիւն` 100 տարի առաջ սկսելով իր պայքարը:

«Այսօր նոյն գաղափարական հենքով ՀՅԴ-ն կը շարունակէ ըսել` հաւատարիմ է հողին ու հայուն, այն հողին, որու մէկ բեկորը 1915-ին Վանի մէջ կը պաշտպանէր Արամ Մանուկեանը, այն հողին, որու մէկ ուրիշ բեկորը` արցախեանը, պաշտպանեցին ֆետայիները, այն հողին, որու մէկ ուրիշ բեկորը կ՛անուանուի Ջաւախք: Մեր երազած հողը պէտք է պաշտպանուի»,- ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

Ան նշեց, որ այս ընտրութիւնները կ՛առանձնանան կարեւոր հանգամանքով, թէ կայ յոյս, որ այս ընտրութիւնները կ’անցնին արդարութեան պայմաններու մէջ առանց փողի քսակներու: Սակայն, Գեղամ Մանուկեանի խօսքով, այս ընտրութիւնները ունին վտանգաւոր հարց, թէ արդեօ՞ք կ’իրագործուին ծրագրային, գաղափարական պայքարի հիման վրայ:

«Կոչ կ՛ընենք ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր կուսակցութիւններուն ու դաշինքներուն, վարչապետ Փաշինեանէն սկսած` մինչեւ նոր ձեւաւորուած կուսակցութիւններ, մտէք ընտրապայքարի մէջ` ներկայացնելու ծրագիրներն ու գաղափարները, չբաւարարուիլ` ժողովրդային շարժումը դրօշակ սարքելով, ինքնահաւան, ինքնասիրահարուած դմփ-դմփով առաջ երթալով: Ատիկա կրնայ յանգեցնել վտանգաւոր գիծի մը, որ կարմիր կը կոչուի»,- ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այսօր` քարոզարշաւի առաջին օրն իսկ, «Իմ քայլը» դաշինքի անդամ Սասուն Միքայէլեան իրեն թոյլ տուած է Ապրիլ-Մայիսի ժողովրդական շարժումը աւելի վեր դասել, քան քանի մը տասնամեակ առաջուան հուժկու համաժողովրդական ազատագրական պայքարը, որ կը կոչուի Արցախեան: Սասուն Միքայէլեանը կա՛մ չէ հասկցած, թէ ինչ կ՛ըսէ, կա՛մ ալ Արցախեան հերոսամարտը նսեմացնելու փորձ կ՛ընէ։ Ի հարկէ, ան կրնայ արդարանալ, որ մասնակցած է Արցախեան ազատամարտին, բայց շատերը մասնակցած են` երկրապահներու նախկին նախագահէն սկսած, կամաւորներով վերջացած: Բայց այդ ոգին պահելն է կարեւորը: Յոյս ունենանք, որ Սասուն Միքայէլեանը չէ հասկցած, թէ ինչ ըսած է: Որովհետեւ սկզբունքներով ու գաղափարներով առաջ քալելու ժամանակն է»:

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 26-ին Թալինի մէջ տեղի ունեցած «Իմ քայլը» դաշինքի քարոզարշաւի ժամանակ ԱԺ պատգամաւոր, ազատամարտիկ Սասուն Միքայէլեան իր ելոյթին մէջ ըսած է. «Մենք յաղթած ենք Արցախեան պատերազմին, ես չեմ վարանիր ըսելու` այս յաղթանակը, որ մեր հանրապետութեան մէջ կրեցիք դուք, աւելի կարեւոր էր, քան թէ Արցախեան ազատամարտը: Որովհետեւ այն յաղթանակը կատարուեցաւ մեր ազգի քաջորդիներու շնորհիւ եւ այդ յաղթանակի արդիւնքը պէտք է տեսնէ մեր ժողովուրդը, որ նախորդ իշխանութիւնները չթոյլատրեցին, մեր ժողովուրդը չհասկցաւ յաղթանակի գինը, ժողովուրդը չհասկցաւ, չպատկերացուց, յետագային աղաւաղուեցաւ ամէն ինչը, եւ ժողովուրդը չպատկերացուց, թէ ինչ մարդիկ ինչի համար գլուխ դրին զոհասեղանին»: