Քիմ Քարտաշեան Եւ Շեր Հայաստան Այցելելու Փափաք Կը Յայտնեն
Քիմ Քարտաշեան եւ յայտնի երգչուհի Շեր միասին Հայաստան այցելելու փափաք յայտնեցին Քարտաշեանի պատկերասփիւռի յայտագիրէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը։
Քարտաշեան իր ընկերուհիներուն հետ գացած էր Լաս Վեկաս՝ Շերի համերգին: Ելոյթէն ետք երգչուհին հանդիպած էր Քարտաշեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին անոնք անդրադարձան հայութեան: Քիմը յայտնեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ Շերի ծառայութիւնները հայ համայնքին:
«Ես կը փափաքիմ դարձեալ Հայաստան երթալ», ըսաւ Շեր, եւ Քիմը արձագանգեց ըսելով, որ ինքն ալ կը փափաքի երթալ Հայաստան եւ առաջին իսկ առիթով պատրաստ է ընկերակցելու Շերին: «Մենք կրնանք միասին երթալ այնտեղ: Ես շատ կ՛ուզեմ Հայաստան երթալ, ինծի համար հիմա ատիկա շատ անհրաժեշտ է»,- եզրափակեց Շեր:
