Արմէն Սարգսեան Ուղերձ Յղած է Քարոզարշաւի Մեկնարկի Առթիւ
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկած է ուղերձով` Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկին առթիւ:
«Այս ընտրութիւնները Ապրիլ-Մայիսեան մեծ փոփոխութիւններէն ետք Հայաստանի քաղաքական կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն են, որու արդիւնքները շատ էական են երկրի զարգացման եւ հեռանկարներու առումով:
Ձեր իւրաքանչիւրէն կը պահանջուին բարձր պատասխանատւութիւն եւ գիտակցութիւն` ինչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլաք, ինչ հնարաւորութիւններ ալ ունենանք:
Ուստի կը դիմեմ պետական մարմիններուն. արժանապատուօրէն շարունակեցէ՛ք ձեր օրինական պարտականութիւններու եւ սահմանադրական պահանջներու կատարումը: Վստահ եմ, որ ազատ, հաւասար ու օրինական ընտրութիւնները այլեւս մեր նոր պատմութեան անբաժանելի մասն են:
Կը դիմեմ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն. յոյս ունիմ, որ մեծագոյն պատասխանատւութեամբ մօտեցած էք ձեր քաղաքական յայտերուն` թիմերու եւ ծրագիրներու ձեւաւորման: Անոնք պիտի ուղենշեն Հայաստանի յետագայ զարգացման ճանապարհները», – ըսուած է ուղերձին մէջ:
Ապա դիմելով ՀՀ քաղաքացիներուն, ան կոչ կ՛ընէ ծրագիրներու քննարկման ժամանակ ըլլալ պահանջատէր, լսել բոլորը, որպէսզի տեղեկացուած եւ գիտակցուած կերպով կատարեն իրենց ընտրութիւնը: «Կայացուցէ՛ք ձեր որոշումը Հայաստանի զարգացման ձեր պատկերացումներուն, ձեր արժէքներուն համապատասխան: Յիշեցէ՛ք, որ բոլորէդ եւ իւրաքանչիւրէդ կախուած է Հայաստանի ապագան», – ըսած է նախագահ Սարգսեան:
