Ահազանգ. Փաշինեանի «Իմ Քայլը» Դաշինքը Կը Խախտէ Ընտրական Օրէնքը
Նախընտրական քարոզարշաւը դեռ չմեկնարկած «Իմ քայլը» դաշինքը գովազդային վահանակ տեղադրած է Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ: Փաստը նկատած, լուսանկարած, բարձրաձայնած է Ռեֆորմիստական կուսակցութեան նախագահ Վահան Բաբայեանը, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:
Ան ՀՀԿ ցուցակով առաջադրուած է Շանգաւիթ, Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանները ընդգրկող թիւ 3 ընտրատարածքին մէջ:
«Քարոզարշաւը կը սկսի Նոյեմբեր 26-ին , սակայն…
«Իմ քայլը» դաշինքը արդէն սկսած է, ի՞նչ է սա (Գարեգին Նժդեհի փողոց): Սա կը կոչուի հաւասար պայմաններ»,-հրապարակած լուսանկարին կից գրած է Բաբայեան:
Օրէնքի պահանջը խախտած է նաեւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը: Ընկերային ցանցի օգտատէրերը նաեւ անոնց գովազդային վահանկի լուսանկար հրապարակած են:

Յիշեցնենք, որ ԸՕ համաձայն նախընտրական քարոզչութեան ժամանակահատուածը կը սկսի ընտրական ցուցակներու գրանցման համար սահմանուած վերջին օրուան յաջորդող եօթներորդ օրը, կ՛աւարտի քուէարկութենէն մէկ օր առաջ: Դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններու պարագային, նախընտրական քարոզչութիւնը պիտի սկսի Նոյեմբեր 26-ին եւ պիտի աւարտի Դեկտեմբեր 7-ի ժամը 24:00-ին:
