GALLUP-ի Հարցումներուն Համաձայն` ՀՀ Ամենակարեւոր Խնդիրը Գործազրկութիւնն է

Հայաստան

«GALLUP International association»-ի իրականացուցած հարցման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Հայաստանի առջեւ ծառացած ամենակարեւոր խնդիրը գործազրկութիւնն է:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Նոյեմբեր 23-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսած է «GALLUP International association»-ի  Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ Էմ Փի Ջի ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան:

«Քաղաքացիներուն հարցուցած ենք, թէ որոնք են ներկայիս մեր պետութեան առջեւ կանգնած ամենակարեւոր խնդիրները: 45.2%-ը պատասխանած է` գործազրկութիւնը, 29.6%-ը՝  տնտեսական վիճակը, 23.9%-ը` ցած թոշակներն ու ցած աշխատավարձերը»,- նշած է Նաւասարդեան:

Հարցումին մասնակիցներուն տուած պատասխաններով` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրն ու արտաքին քաղաքականութեան խնդիրները աւելի քիչ տոկոսներ ստացած են:

«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարեւորութեան տեսանկիւնէ ստացած է 23.4%, իսկ արտաքին քաղաքականութեան խնդիրները` 8%»,- ըսած է ան:

Հարցման արդիւնքներով կարեւորութեամբ ցած ցուցանիշ արձանագրած են նաեւ առողջապահական համակարգի վատ վիճակը, արտագաղթը, կրթական համակարգի վատ վիճակը, գնաճը, բարձր սպասարկման վճարներն ու բարձր հարկերը:

Հետազօտութիւնը իրականացուած է դէմ առ դէմ հարցումներու մեթոտով: Հարցումներու քանակը`1111, հետազօտութեան ընտրանքային սխալը 3%: Հետազօտութեան իրականացման ժամանակահատուածը Նոյեմբեր 17-21: Իրականացման վայրը` Հայաստանի Հանրապետութիւն: