Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը Յայտարարեց Սուրիոյ Հարաւային Շրջանի Ամբողջական Ազատագրումը
Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2018-ին, Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը հաղորդեց Սուրիոյ հարաւային շրջանի ամբողջական ազատագրումը ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Հրամանատարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ շեշտելով,- «Սուրիական բանակը բուռն կռիւներ մղելէ ետք, յաջողած է իր վերահսկողութեան տակ առնել բարդ եւ հրաբխային բնոյթ ունեցող ալ Սաֆայի բլուրները եւ կործանած ՏԱՀԵՇ-ի թաքստոցներն ու զէնքի պահեստները»:
