Հեռուստամարաթոնը Երկար Տարիներ Մեր Երազած Համախմբման եւ Միասնութեան Տանող Ճանապարհներէն Մէկն է. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ՝ 21-րդ հեռուստամարաթօնին ծիրէն ներս, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Նոյեմբեր 23-ի առաւօտեան այցելած է հիմնադրամի գրասենեակ: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ վարչապետի ֆոնտէն հիմնադրամին նուիրաբերած է 1 միլիոն, իսկ իր անձնական միջոցներէն՝ 500 հազար դրամ:

Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերով դիմած է նաեւ հեռուստամարաթօնին հետեւող մեր հայրենակիցներուն եւ նշած. «Սիրելի հայրենակիցներ, կրկին կ՝ողջունեմ ձեզ: Կ՝ուզեմ նախ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն մարդոց, բոլոր մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք արդէն իսկ մասնակցած են հեռուստամարաթօնին եւ իրենց նուիրատւութիւնը ըրած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Կ՝ուզեմ յոյս յայտնել, որ մնացած մէկ ժամուան ընթացքին մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ պիհի հասցնեն իրենց նուիրատւութիւնը ընելու հիմնադրամին, որովհետեւ այդ գումարները պիտի ծախսուին Արցախի Հանրապետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւոր ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ զարգացման ծրագիրներու համար:

Սիրելի հայրենակիցներ, այս նոր ժամանակաշրջանը չափազանց կարեւոր է եւ մեր համազգային խնդիրներու լուծման համար մեզի անհրաժեշտ է համազգային բացառիկ համախմբում: Ի հարկէ, հեռուստամարաթոնը այդ համախմբման ձեւերէն մէկն է եւ մենք այս ճանապարհով դեռ պէտք է երթանք, որպէսզի հասնինք համախմբման եւ միասնութեան այն մակարդակին, որ երկար տարիներ երազած ենք: Այսօր, հիմա այդ հնարաւորութիւնը կայ եւ կասկած չկայ, որ այդ հնարաւորութիւնը մենք պիտի օգտագործենք՝ ստեղծելու իսկապէս միասնական, ազատ եւ երջանիկ Հայաստան: Շնորհակալ եմ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ»: