ՀԱՊԿ-ի Մէջ ՀՀ Մշտական եւ Լիազօր Ներկայացուցիչի Պաշտօնին Վիքթոր Պիյագով կը Փոխարինէ Դաւիթ Վիրապեանը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ) Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական եւ լիազօր ներկայացուցիչի պաշտօնէն կը զրկուի Դաւիթ Վիրապեան ու անոր կը փոխարինէ Վիքթոր Պիյագով։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտին՝ Դաւիթ Վիրապեան ետ կը կանչուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական եւ լիազօր ներկայացուցիչի պաշտօնէն», եւ «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտին՝ Վիքթոր Պիյագովը նշանակել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական եւ լիազօր ներկայացուցիչ (նստավայրը՝ Մոսկուա)»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագիրներուն մէջ:
