Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ Մասնակցած է «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի Ծիրէն Ներս Կազմակերպուած Տարեկան Ընդունելութեան

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 20-ին, Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած է «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի ծիրէն ներս կազմակերպուած տարեկան ընդունելութեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ իր ելոյթին մէջ նախագահը «Հայաստան» hամահայկական հիմնադրամի խողովակներով Արցախի մէջ իրականացած աշխատանքը որակած է հսկայածաւալ՝ խորին երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք մշտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Արցախին՝ կարեւորագոյն ռազմավարական ծրագիրներու իրականացման գործով:

«Ամերիկահայութիւնը, մասնաւորապէս՝ Քալիֆորնիոյ հատուածը, մեր ամենակազմակերպուած համայնքներէն մէկն է, եւ ամէն անգամ այցելելով այստեղ, մենք իւրայատուկ լիցք կը ստանանք՝ տեսնելով հայրենասէր, հայրենիքի հոգերով ապրող, հոգով ու սրտով անոր անբաժան մասը կազմող մեր հայրենակիցներուն: Հայ մնալու, հայութիւնը պահպանելու այդ բարդ առաքելութիւնը դուք կը կատարէք պատուով»,- շեշտած է Բակօ Սահակեան:

Անդրադառնալով «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի ծիրէն ներս նախատեսուող աշխատանքներուն՝ նախագահը նշած է, որ անոնց իրականացումը կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ մեր հանրապետութեան ուժանիւթի եւ պարէնային անվտանգութեան ապահովման գործին վրայ:

Երկրի ղեկավարը համոզում յայտնած է, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս միասնական ջանքերով կեանքի պիտի կոչուին բոլոր նախատեսուած ծրագիրները: