Բակօ Սահակեան Այցելած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 20-ին, այցելած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպած թեմի առաջնորդ Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի, Ազգային կեդրոնական ու թեմական վարչութեան անդամներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, հասարակական-տնտեսական զարգացման, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին՝ Արցախի նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելու համար՝ բարձր գնահատելով անոր դերը Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, համազգային խնդիրներու լուծման եւ հայապահպանութեան գործին մէջ:
Հանդիպման մասնակցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
