Զոհրապ Մնացականեան Սթրազպուրկի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած է Հայաստան- Եւրոպայի Խորհուրդ Գործողութիւններու Ծրագիրին Ծիրէն Ներս

Աշխարհ, Հայաստան

ԱԳ նախարարի պաշտնակատարը՝ Հայաստանի համար Եւրոպայի խորհուրդի գործողութիւններու Ծրագիրի քննարկման ծիրէն ներս՝ Հոկտեմբեր 20-ին, հանդիպեցաւ նուիրատու երկիրներու դեսպաններու, ԵԽ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Գաբրիէլա Պադայնի-Տրակոնիի եւ ԵԽ գլխաւոր տնօրինութեան ծրագիրներու գրասենեակի տնօրէն Վերենա Թէյլըրի հետ:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպայի խորհուրդ 2015-2018թթ. գործողութիւններու ծրագիրին ծիրէն ներս իրականացած ծրագիրներուն, արձանագրուած արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 2019-2022թթ. գործողութիւններու ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:

ԱԳՆ ղեկավարը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Եւրոպայի խորհուրդը Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն է ժողովրդավարութեան խորացման եւ քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկներու կայացման ճանապարհին, եւ կառավարութիւնը յանձնառու է ընդլայնելու ու ամրապնդելու այդ փոխգործակցութիւնը: Այս առումով նախարարի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց ԵԽ փորձագիտական ու մասնագիտական կարողութիւններու ներդրումը մեր երկրէն ներս իրականացուող ժողովրդավարական գործընթացներուն մէջ: Ան ընդգծեց ԵԽ գործողութիւններու ծրագիրի թիրախային ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի համար առաւել կարեւորութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ։

Զոհրապ Մնացականեան զրուցակիցներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական վերջին զարգացումները՝ ընդգծելով կառավարութեան յանձնառութիւնը ժողովուրդին կողմից տրուած լայն իրաւագիրի հիման վրայ իրականացնելու բարեփոխումների համապարփակ օրակարգ՝ ուղղուած երկրին մէջ օրէնքի գերակայութեան եւ արդարադատութեան ամրապնդման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, հասարակական եւ տնտեսական ոլորտին մէջ հաւասար հնարաւորութիւններու ընձեռնման:

Նախարարի պաշտօնակատարը զրուցակիցներուն հետ մտքեր փոխանակեց Եւրոպայի մէջ ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ առկայ իրավիճակին ու միջազգային կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը արդի հարցերու շուրջ։