Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները․ Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Անդրազգ» եզրոյթը յանկարծ նոր այժմէութիւն կը վայելէ սփիւռքի ինքնութեան եւ առաքելութեան խնդիրներուն առնչուող վերջին շրջանի քննարկումներուն մէջ: Անոր գործածութիւնը արդէն դուրս եկած ըլլալ կը թուի մասնագիտական փոխանակումներու ոլորտէն եւ մտած` ընդհանրական խօսոյթի դաշտէն ներս: Դիմատետրի էջերէն կ՛իմանամ, որ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան ներկայիս կը գտնուի Լոս Անճելըս` Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հետազօտութեանց հիմնարկի հրաւէրով եւ Սփիւռքի հարցերու քննարկման նուիրուած դասախօսութիւններու շարքի մը համար: Փրոֆ. Թէօլէօլեան մեծ աւանդ ունի գիտութեան այս մարզին մէջ: Ներառեալ` սփիւռքի «անդրազգային» բնոյթը յստակացնելու խնդրին յատկացուած վերլուծումներուն: Կը ցաւիմ, որ հոն չեմ:

Այս յօդուածին նպատակն է ջանալ մատնանշել «անդրազգ» եզրոյթի կիրառական պիտանիութեան հետ կապուած խնդիրները, յատկապէս` «սփիւռք» իմացութեան բնութագրման ճիգերու ոլորտին մէջ:

«Անդրազգային» բառը վաղուց գոյութիւն ունի մեր լեզուին մէջ` որպէս համազօրը անգլերէն transnational բառին, որ ցարդ նշանակած է ազգայինի ստորոգելիներէն անդին գտնուող իրավիճակ, ազգայինը «անդրանցող» հարցերու ոլորտի բնորոշիչ: Trans-ը լատիներէն արմատ է, որ իր մէկէ աւելի նրբերանգներով էապէս կը յուշէ «անդին» (beyond) իմաստը: Նոյն ձեւով, հայերէն «անդր» արմատը,  ըստ մեր «Առձեռն բառարան»-ին, մեր դասական լեզուով կը նշանակէ «դէպ ի հոն». հոմանի՛շը` աշխարհաբար` «մէկդի» իմացութեան: «Առձեռն»-ը նաեւ ունի «Անդր քան» բառայօդուածը, որ կը նշանակէ «աւելի անդին»: Կ՛ենթադրուի նաեւ, որ լատիներէն trans-ը կը սերի հին հնդեւրոպական նախատիպէ մը, իսկ հայերէնի «անդր»-ը` սանսկրիտի antara բառէն:

Յամենայն դէպս «անդրազգային»-ը դիւրաւ հասկցուող եւ մեծապէս պիտանի եզրոյթ մըն է այսօրուան բարդ իրականութեան մէջ, ուր գոյութիւն ունին համաշխարհայնացման մեծ խնդիրներ: Խնդիրնե՛ր (ինչպէս, օրինակ, կենսոլորտի առողջապահութեան ճնշիչ խնդիրը), որոնք ամէն օր նժարի վրայ կը դնեն մոլորակի ապագան: Եւ ի՜նչ խօսք, որ մենք եւս` որպէս ազգ, անքակտելի կապերով կապուած ենք այսօրուան համաշխարհայնացման (globalization) տարերային գործընթացներուն, եւ մեր մտաւոր աւազանն ալ պէտք ունի բոլոր անհրաժեշտ լեզուական գործիքներուն` կարենալ մաս կազմելու համար ընդհանուր բանավէճին: Պարզ է, որ այս պարագան չէ, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեմ:

Իմ վերապահութիւնս մեր ժամանակակից «սփիւռք» իրականութեան «անդրազգ» բնորոշումը տալու գաղափարին կը վերաբերի: Այսինքն` այդ գաղափարին էութիւնը խնդրականացնող ենթատեքստի՛ն: Յամենայն դէպս ես կը կարծեմ, թէ այս խնդիրը մեծապէս խորքային է իր բնոյթով, եւ կարեւոր է, որ ան ազատ ըլլայ որեւէ հաւանական շփոթէ: Առարկութիւնս կապ ունի սփիւռքի էութիւնը բնորոշելու մեր դժուարին (եւ դեռեւս լուծելի)  խնդրին հետ: Ես կը կարծեմ, թէ առանց համակողմանի լուծում մը տուած ըլլալու այս վերջին խնդրին` դժուար թէ կարելի ըլլայ սփիւռքը պիտակել որպէս «անդրազգային» ստորոգութիւն (category):

Նախ, որպէս ընդհանուր սկզբունք, պիտի ընդունինք, որ այս մարզին մէջ հարցերու ձեւաւորումը շատ հեռու է զուտ առարկայական ըլլալէ: Ոչինչ առարկայական է, երբ գործ ունինք քաղաքական ընտրութիւններու բարդ տիեզերքին հետ: Եւ այն, ինչ որ քաղաքական է, ըստ էութեան, գոյութենական է եւ գերազանցօրէն ներանձնակա՛ն: Պարզ խօսքով, երբ կը փորձենք սփիւռք իմացութիւնը կերպարի վերածել (modelize), անխուսափելիօրէն մենք այդ կերպարին մէջ կը դնենք մեր սեփական աշխարհահայեացքը, որ անցած է մեր ներքին տեսողութեան մաղերէն եւ բիւրեղացա՛ծ` որպէս մեր ինքնայատուկ տեսլականը: Այսօր եւս սփիւռքի էութեան եւ առաքելութեան մասին մեր հանրային քննարկումները անխուսափելիօրէն կը յանգին սփիւռք-իրավիճակը «ի՞նչ ընելու», «ինչի՞ վերածելու» էական հրամայականներուն: Կը կրկնեմ` ԻՆՉ ԸՆԵԼՈ՛Ւ: Չմոռնա՛լ Յովհաննէս Քաջազնունիի «անելիք»-ը: Երբ կ՛ըսենք «սփիւռք», կը հասկնանք «անելի՛ք»: Պարզ է, որ կը խօսինք հաւաքական (եւ կենսորոշի՛չ) մարտահրաւէր մը «ի պատկերի մերում» դիմագրաւելու ԵՆԹԱԿԱՅԱԿԱՆ պարտաւորութեան մը մասին:

Սփիւռքը կը սկսի գաղութներով: Սփիւռքի գաղութները կը ստեղծուին տարերային պայմաններու մէջ: Մարդոց հաւաքականութիւններ դուրս կը դրուին (կամ զանգուածաբար դուրս կու գան) իրենց հայրենական աճելավայրերէն եւ կայք կը հաստատեն այլոց հայրենական հնոցներէն ներս: Եւ այդ արարքով իսկ անոնք ազգը ֆիզիքապէս կը մասնատեն` անկախ իրենց հաւաքական կամքէն եւ յաճախ գիտակցութենէն: Յառաջ կու գայ ֆիզիքական խզում երկրի եւ արտերկրի ազգաշերտերու միջեւ: Գաղթի ենթարկուած շերտերը արմատախիլ կ՛ըլլան եւ լայնօրէն կը զրկուին իրենց հայրենական սննդաղբիւրներէն:

Բայց նաեւ անոնք իրենց մշակոյթը կը տեղափոխեն իրենց հետ: Կը տեղափոխե՛ն` երկու կեանքով ապրելու (թէկուզ լռելեայն եւ յաճախ չգիտակցուած) սկզբնական կենսաթեքումով մը: Եւ, անշուշտ, տարագիր այս բեկորները պիտի դրուին երկուութիւններ յաղթահարելու եւ բարդ որոշումներ տալու հարցին առջեւ: Եւ, անշուշտ, ինքնաբերաբար անոնք պիտի դիմագրաւեն ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ կնճռոտ խնդիրը:

Այն օրը, երբ ինքնութեան խնդիրները կը սկսին հաւաքական հրամայականի բնոյթ ստանալ գաղթողներու առօրեային մէջ, այդ օրն իսկ իր սաղմնային ձեւով կը սկսի ձեւաւորուիլ սփիւռքը` որպէս պատմական եւ որպէս հոգեբանական գործօն: Այս տագնապալի հոլովոյթին մէջ ամէն գաղթող չէ, որ իր հաւատարմութիւնը կը պահէ իր հայրերու մշակոյթին հետ: Հաւատարմութեան մակարդակի անչափելի նրբերանգներ գոյութիւն ունին ընտանիքէ ընտանիք եւ անձէ անձ: Եւ այս մարզին մէջ տատանումներու մշտական ալեկոծութի՛ւն մը կայ ընտանիքներու կեանքին մէջ: Անկարելի է ճշդիւ հասկնալ, թէ օրը օրին ինչե՞ր տեղի կ?ունենան գաղթողներու կեանքերուն եւ մտքերուն մէջ: Բայց անպայման մեծ փլուզումներու եւ հոգեխոյզի կենսաշրջան մըն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ: Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը ծնած է կեանքերու այս դժուարին հոլովոյթէն: Մէկ բան յստակ է: Գաղութներու կեանքին մէջ այս բոլորը ինքնաբերաբար կը մղեն քաղաքականացման աստիճանական գործընթացին: Գաղթողներու որոշ շերտ մը կը սկսի մտածել եւ գործել քաղաքական նոր տեսլականով: Տեղի կ՛ունենայ աստիճանական ինքնակազմակերպում եւ ինքնասահմանում: Եւ այս հետզհետէ քաղաքականացող գաղութային միաւորներն են, որոնք կը ստեղծեն ՍՓԻՒՌՔը: Ըսել կ՛ուզեմ` անո՛նք են ՄԻԱՅՆ, որ կրնան ստեղծել սփիւռքը: ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅԸ ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒ: Առանց ինքնաքաղաքականացման այս բանալի գործօնին` ՍՓԻՒՌՔ չի կրնար գոյութիւն ունենալ:

Եւ բնականաբար այս երեւոյթը ենթակայ է քաոսային խարխափումներու: Սփիւռքի գոյութեան հաստատ ցուցանիշը սփիւռքի հաստատութիւններն են: ՍՓԻՒՌՔԸ ԻՐՈՂԱՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ԱՄՐԱՑՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՈՎ ՄԻԱՅՆ: Այստեղ «հաստատութիւն» բառը կը գործածեմ ընկերաբանութեան մէջ ընդհանրութիւն ստացած institution բառին որպէս համազօր: Այսինքն` ո՛չ այդ բառին առօրէական իմաստով: Սփիւռքին ինքնուրոյն դիմագիծ տուողը զայն կենսաւորող հաստատութիւններն են: Այսինքն` հաստատութիւններու այն համակա՛րգը, որ կը հայթայթէ յիշեալ հասարակութեան (այս պարագային` սփիւռքի՛ն) ռազմավարական ենթակառուցուածքը: ԱՌԱՆՑ ԱՅՍ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԳՈՅԱՒՈՐՄԱՆ` ԳԱՂԹՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈՒՐԿ Է ՍՓԻՒՌՔ-ԻՄԱՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻ ՍՏՈՐՈՈԳԵԼԻՆԵՐԷՆ: Այլ խօսքով, սփիւռքի գոյութեան «կարեւոր եւ բաւարար պայմանը» (la condition necessaire et suffisante) սփիւռքի հաստատութիւններն են: Այն չափով, որ գաղութահայ մը կ՛ընդգրկուի հաստատութենական այս ցանցին մէջ («գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ», Շահնուր), այդ նոյն չափով ան մաս կը կազմէ սփիւռքին: Եւ այդ նոյն չափով ան կ՛ամրապնդէ տարագրութեան հողին վրայ կառուցուած սփիւռքի շէնքը:

Անցեալին գրած եմ, որ ժամանակակից մեր սփիւռքը իր տարերային մաքառումներու բովին մէջ ծնունդ տուած է հինգ հաստատութիւններէ բաղկացած համակարգի մը: Այդ հաստատութենական աւազաններն են` ընտանիքը, Եկեղեցին, կուսակցութիւնը, դպրոցը եւ մամուլը: Սփիւռքի բոլոր մեծ ու փոքր անհատ կազմակերպութիւնները կը ծնին եւ կը գործեն հաստատութենական այս ընդհանրական աւազանին մէջ: Եւ այս աւազանին մէջն է, որ կը ձեւաւորուին սփիւռքի հաւաքական տեսլականն ու զայն առաջնորդելու կոչուած ղեկավարութիւնը: Մեր լինելիութեան պայքարը պայմանաւորող բոլոր մեր ուժականութիւններն ու տկարութիւնները ծնունդն են այս աւազանի ընդոծին յատկութիւններուն:

Եւ հաստատութենական այս համակարգը, իր բովանդակութեամբ, էապէս կը ներկայացնէ սփիւռքի լինելիութեան ռազմավարութիւնը: Անոնք ինծի կը յիշեցնեն իր պարսպաշարերով յղացուած այն պաշտպանական դրութիւնը, որ երկար ժամանակ երաշխաւորեց Անիի անվտանգութիւնը: Սփիւռքի հաստատութիւններու համակարգը ոչ միայն կը միտի երաշխաւորելու սփիւռքի հաւաքական կենսագործունէութիւնը, այլեւ կազմակերպելու անոր անվտանգութիւնը` ապազգայնացնող կայսերական ուժերուն դէմ:

Սփիւռքի կառուցային խնդիրներու այս ոլորտը դեռ շատ հեռու է բաւարար չափով ուսումնասիրուած եւ գիտական գնահատական ստացած ըլլալէ: Սփիւռքը հասկնալ` կը նշանակէ հասկնալ այս համակարգի ներքին մեքանիզմները: Եւ այն չափով, որ կը հասկնանք այս մեքանիզմները, նոյն այդ չափով կը հարստանայ նաեւ մեր վերլուծական գործիքակազմը: Այս առումով, գաղութէ գաղութ մեծ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Ես «գաղութ» բնորոշումը տուած եմ այն գաղութային միաւորներուն միայն, ուր տարերայնօրէն երեւան եկած են բոլոր հինգ հաստատութիւնները իրենց լրիւ կազմով: Պակասաւոր միաւորները կոչած եմ «թերգաղութ»-ներ: Ընտանիք-Եկեղեցի-կուսակցութիւն, ընտանիք-Եկեղեցի-դպրոց եւ այլ նման պակասաւոր «միացութիւն»-ները կը ճշդեն ընկերաբանական նկարագիրն ու որակը տուեալ գաղութային միաւորին: Կ՛որոշեն միաւորին հնարաւորութեան սահմանները:

Պէտք է աւելցնել, որ թերգաղութները նոյնքան կենսունակ կրնան ըլլալ, որքան գաղութները` իրե՛նք: Երբեմն` շա՛տ աւելի կենսունակ: Թերգաղութներու ներքին կեանքին մէջ յաճախ ձեւաւորուող գոյապահպանական գործընթացները բացառաբար տպաւորիչ արդիւնաւէտութիւն կրնան ունենալ: Յատկանշական է, որ թերգաղութներու ներքին կեանքին մէջ հաստատութենական յստակ զօրաշարժ կայ գրեթէ միշտ: Պակսող հաստատութիւններուն դերը կը բաշխուի գոյութիւն ունեցող միւս հաստատութիւններուն վրայ: Հոն, ուր կայ միայն մէկ հաստատութիւն (ընդհանրապէս` ընտանիքը), այդ ընտանիք-հաստատութիւնը մեծ ներուժով կը ստանձնէ նաեւ միւսներուն պաշտօնը: Անշուշտ` կարելիութեան ներած չափով: Եւ շնորհիւ այս ներքին ուժականութեան է, որ թերգաղութները գաղութի վերածուելու յստակ միտում կը դրսեւորեն գրեթէ ամէնուրեք: Սփիւռքը մշտանորոգ օրկանիզմ է: Իր ներքին բնական մաշումներուն դիմաց ան կը շղթայազերծէ նաեւ զուգահեռ գործընթացներ` ինքզինք շարունակաբար վերակերտելու:

Հաստատութիւններու այս համակարգը, իր կարգին, շատ հեռու է կայուն իրականութիւն մը ըլլալէ: Համակարգին ներսը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է հաստատութիւններու տարերային տեղաշարժ: Համակարգը (տարերայնօրէ՛ն) կը ձգտի «նուիրապետութեան»… յատկապէս քաղաքական հաստատութեան, այսինքն` կուսակցութիւն-հաստատութեա՛ն,  գերաշխուժ կենսագործունէութեան շնորհիւ: Հաստատութիւններէն իւրաքանչիւրը ծնած եւ ձեւաւորուած է անսալով կեանքի ինքնայատուկ հրամայականի մը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ «մասնագիտացած» դերը ընդհանուր մարտահրաւէրին դիմաց: Իր հինգ հաստատութիւններու միացեալ եւ խտացեալ ներուժով սփիւռքը կը դիմագրաւէ իր գոյութեան մեծ փորձութիւնը ամէն օր: Սփիւռքը բնազդով գիտէ, որ այս պայքարէն է կախուած իր որպէս ազգ եւ որպէս քաղաքակրթութիւն գոյատեւելու ճակատագրական գրաւը:

Այս բոլորը դեռեւս կը կարօտին գիտական բազմակողմանի քննարկման: Բայց մանաւանդ կը կարօտին վիճակագրագիտական վստահելի ատաղձի մը, որ անպայման պէտք է ստեղծել, որպէսզի կարելի ըլլայ տեսական քննարկումներու գործը արդիւնաւորապէս առաջ տանիլ:

Կը վերադառնամ «անդրազգ» եզրոյթին:

«Անդրազգ»-ը կարենալ սահմանելու համար պայման է, որ նախ կարողանանք սահմանել «ազգ»-ը` ի՛նք: Ազգերը կ՛ապրին մեծ տարբերութիւններով: Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր դիմագրաւած կենսական եւ պատմական մարտահրաւէրներէն ձուլուած իր ինքնուրոյն կերտուածքը: Իւրաքանչիւր ազգ տարբեր ազգ մըն է եւ էապէս անբաղդատելի` այլ ազգերու հետ: Մեր պարագային, ազգը միայն հայրենական մեր հասարակութիւնը չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Մեր ազգը արդէն վաղուց համաշխարհային նստուածք ունի: Եւ այդ նստուածքը այսօր գոյութիւն ունի, քանի որ գոյութիւն ունի ժամանակակից սփիւռքը: Մենք կրցած ենք մեր գաղութականացած ժողովրդագրութիւնը վերածել սփիւռքի` մեզի պարտադրուած ցեղասպանական աւերը չէզոքացնելով եւ ախտազերծելով: Մեր ազգային մեծ իրագործումն է ասիկա: Մենք մերժած ենք ենթարկուիլ պատմութեան վճիռներուն: Մենք կրցած ենք ըլլալ հակապատմութիւնը: Մենք թոյլ չենք տուած, որ կայսրութիւններէ տնօրինուած պատմութիւնը կերտէ մեզ: Մենք ապրած ենք պատմութիւնը ինքնե՛րս կերտելու համարձակութեամբ եւ վարդապետութեամբ: Մենք այս ենք: Սփիւռքի բնազանցական դրուածքը այս է: Եւ այդ իսկ պատճառով սփիւռքը գերազանցօրէն ԱԶԳԱՅԻՆ իրականութիւն մըն է: Պարզ խօսքով, հայերու այն սփռուածքը (dispersion), որ կ՛ապրի աշխարհի չորս ծագերուն, ինքնաբերաբար չէ, որ կրնայ սփիւռք տարազին մաս կազմել: Ան կը դարբնուի: Սփիւռքի մարդը օրկանապէս չէ, որ սփիւռքահայ է: Ան սփիւռքահայ է ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ (by choice): Համարձակինք եւ ըսենք` ԻՐ ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ: Ան «զտուած» է գաղութահայերու ոչ յանձնառու շերտէն եւ հաստատած է իր ինքնուրոյն գոյաշխարհը: Իր բարոյական վեհապետութի՛ւնը (sovereignty): Ան որոշած է ՀԱՅ ըլլալ անհայ միջավայրի մը մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իր կեցուածքով: Կը յաջողի՞: Չի՞ յաջողիր: Ի՞նչ չափով կը յաջողի: Ասոնք այլ հարցեր են: Մեր քննարկման խնդիրը սփիւռքի բնորոշման հետ կապ ունի: Ինչպէ՞ս բնորոշել մեր (այսինքն` ՀԱՅԿԱԿԱ՛Ն) սփիւռքը, որ կը կրէ Հայկ նահապետի անունը: Այս սփիւռքին ամէնէն ԷԱԿԱՆ բնորոշիչը իր ազգային ըլլալու հանգամանքն է: Պատահակա՞ն է միթէ, թէ ինչո՛ւ մեր ազգային «հայ» ինքնանունը իր ածականացուած ձեւին մէջ բացայայտօրէն կը դրսեւորէ Հայկ նահապետին հետ ունեցած իր առհաւական ժառանգականութիւնը: Ո՛չ, պատահական չէ: Ան իմաստ ունի: Կայսրութիւններու ռազմադաշտին մէջ իր ինքնութիւնը անխաթար պահելու ռազմավարական վճիռը կայ այդ բառին մէջ: Գիտական քննարկման համար էականը այն է, որ սփիւռքը որոշած է պատկանիլ ԱԶԳԻՆ: Ա՛յն ազգին, որ լինելիութեան ճնշիչ խնդիրներ դրած է իր առջեւ: Աւելի՛ն: ԱՆ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՈՐՈՇԱԾ Է ՊԱՏԿԱՆԻԼ ԱԶԳԻՆ, ԱՅԼ ԱՆ ԵՂԱԾ Է ԱԶԳԸ ԱՌԱՆՑ ԱՅԼԵՒԱՅԼԻ` ԻՆՔԶԻՆՔ ԴՆԵԼՈՎ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԿՌՈՒԻ ԱՌԱՋՆԱԳԾԻՆ ՎՐԱՅ: ՄԻՍՄԻՆԱ՛Կ: ՔԱ՛Ջ ԳԻՏՆԱԼՈ՛Վ, ՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԱՅՍ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՅԺՄ Ի ՎԻՃԱԿԻ ՉԷ ՈՐՈՇԻՉ ԳՈՐԾՕՆ ՄԸ ԸԼԼԱԼՈՒ:

Այս լոյսին տակ հարց պէտք է տալ, թէ արդեօ՞ք «անդրազգ» եզրոյթը յարիր է մեր ազգային ընդհանուր գաղափարախօսութեան: Այս հարցումին պատասխանը կարենալ ձեւաւորելու համար մենք նախ եւ առաջ պէտք է կարողանանք ձեւաւորել մեր ազգային ընդհանուր գաղափարախօսութեան հայեցակարգը: Հոս մենք դեռ գործ ունինք ընելիք: Մեր ընելիքը դեռ մենք չենք կրցած ընել: Եւ եթէ մենք թերանանք կամ ուշանանք կամ ծուլանանք այս խնդրի ձեւաւորման մէջ, «անդրազգ» եզրոյթին պէս լեզուատարրեր շատ դիւրաւ աղաւաղիչ եւ աւերիչ ազդեցութիւն կրնան բերել հայ քաղաքական մտքի կենսական խմորումներուն:

Կը կրկնեմ: Սփիւռքը կ՛ապրի այսօրուան համամարդկային բարդ իրականութեան մէջ, ուր կան անդրազգային մեծ խնդիրներ: Սփիւռքը (ինչպէս հայրենիքը) պիտի անպայման բաժին վերցնեն համաշխարհային այդ քննարկման մէջ: Վէճ չունիմ: Բայց կայ առաջնահերթութեան խնդիրը: Իմ կարծիքով, սփիւռքի կեանքի այս անդրազգային բաղադրիչները չեն, որ պիտի սահմանեն սփիւռքը: Մենք մեզ պիտի սահմանենք մեր առաջնահերթ սպառնալիքներու տրամաբանութեամբ: Թէ՛ հայրենիք եւ թէ՛ սփիւռք այսօր կը գտնուին ԱԶԳԱՅԻՆԸ փրկելու ճգնաժամային հրամայականին առջեւ: Հայրենիքը ՀԱՅՐԵՆԻ՛ՔԸ փրկելու հարց ունի այսօր: Եւ սփիւռքը` ՍՓԻ՛ՒՌՔԸ: Բայց կայ նաեւ գոյութենական հողի վրայ հնչող մեծ ահազանգը: Թէ՛ հայրենիքը եւ թէ՛ սփիւռքը մէկզմէկու ազգային լինելիութիւնը փրկելու հրամայականին առջեւ կը գտնուին: ԹՇՆԱՄԻՆ ԱԶԳԻ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ Է, ՈՐ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ: Ոչ` անդրա՛զգի: Եթէ, անշուշտ, ճիշդ կը հասկնամ «անդրազգ» եզրոյթը:

Այս առումով, հայրենիք եւ սփիւռք նոյն մակոյկին մէջն են: Հարցը դրուած է մերկապարանոց: Կա՛մ ամբողջութիւնն է, որ կը փրկուի պատմութեան հետ այս նոր առճակատման բովին մէջ, եւ կա՛մ ամբողջութիւնն է, որ կ՛ընկղմի: Եթէ «անդրազգ» իմացութիւնը կ՛ենթադրէ սփիւռք մը, որ ինքզինք դուրս կը դաւանի վերոյիշեալ մակոյկէն, այդ իմացութիւնը, բնականաբար, պիտանիութիւն չի կրնար ունենալ մեր ազգային լինելիութեան հարցերու ներկայ հանգուցալուծման մէջ:

Ազգը ունի իր հաւաքական մարտահրաւէրը, որմէ ազատ չի կրնար ըլլալ ազգին ճակատագրէն անքակտելի մնալու որոշում տուած ոեւէ անհատ: Կասկած չկայ, որ սփիւռքը ունի իր ուրոյն անհատականութիւնը եւ ունի պարտաւորութիւնը` տէր կանգնելու իր յատուկ ուժականութիւններուն: Նոյն պարտաւորութեան տակն է նաեւ հայրենիքը: Եւ երկուքէն ոչ մէկը ունի բարոյական իրաւունքը` թերանալու այս մարզին մէջ:

Ինչպէս ըսած եմ բազմիցս, հայրենիքի եւ սփիւռքի փոխյարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ փոխսնուցիչ (symbiotic): Փոխսնուցիչ գոյակարգը բնութեան մէջ այլազան ձեւակերպումներ կրնայ ունենալ: Անոր մարդկային եւ գիտակցական տարբերակը կ՛ենթադրէ երկու օրկանիզմներու համատեղ գոյակցութիւնը` զիրար ամբողջացնելու եւ մէկզմէկու գոյութիւնը ապահովելու ռազմավարական առաքելութեամբ: Ցարդ մենք յաջողած ենք համատեղ գոյակցութիւն ձեւաւորել սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ լայն չափերով պարագայական (եւ յաճախ քաոսայի՛ն) տարերայնութեամբ: Յամենայն դէպս` առա՛նց ազգային համապարփակ ռազմավարութեան: Փոխ-սնուցման գոյակարգը լայնօրէն անօգուտ է, եթէ ան ձգուի պատահականութեան: Ան նոյնիսկ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ եւ ենթակա՛յ` թշնամիի մեքենայութիւններուն, եթէ անոր սանձերը մնան անտէր… Ժամանակն է, որ փոխսնուցման գոյակարգը ձեւաւորուի ազգային ընդհանուր գաղափարախօսութեան հարազատ հողին վրայ, որպէսզի մենք կարողանանք ի վերջոյ ի մի բերել բոլոր կենսատարրերը` մեր լինելիութեան մեծ պայքարին: Եւ որպէսզի ապահովենք մեր կենսական յաղթանակը, որ այլեւս այլընտրանք չունի: