Ո՛չ՝ պարտադրուած Սահմանադրութեան․ «Հորիզոն»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի Սահմանադրութեան շուրջ ծաւալող պայքարը պարզապէս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հերթական բախումը չէ։ Խնդիրը այն է, թէ պետութեան հիմնադիր օրէնքը պիտի ձեւաւորուի՞ հայ ժողովուրդի ազատ կամքով, թէ՞ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար Պաքուէն ներկայացուած նախապայմանով։

Նիկոլ Փաշինեան կը հաւաստիացնէ, որ նոր Սահմանադրութեան մշակումը ներքին օրակարգ է։ Սակայն նոյեմբեր 7-ին ինք ընդունեց, թէ Իլհամ Ալիեւ պատրաստ չէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու գործող Սահմանադրութեան պայմաններուն մէջ։ Այս երկու պնդումները իրարու հետ հաշտեցնելը դժուար է։ Աւելին՝ սեպտեմբեր 2024-ին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը յստակացուց, որ Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումը չի նշանակեր, թէ անոր բոլոր դրոյթները սահմանադրական ուժ ունին։ Սահմանադրական ուժ կրնան ունենալ միայն այն սկզբունքներն ու նպատակները, որոնք ամրագրուած են բուն Սահմանադրութեան մէջ։ Հետեւաբար, Անկախութեան հռչակագիրին մէջ Արցախի վերաբերող յղումը ինքնին չի հաստատեր, թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանին։ Նոյն եզրակացութիւնը Փաշինեան անձամբ վկայակոչած էր՝ հերքելու Պաքուի այն պնդումը, թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ կը պարունակէ։

Օգոստոս 2025-ին նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրին առաջին երկու յօդուածները արդէն իսկ կը հաստատեն փոխադարձ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն ու տարածքային պահանջներէ հրաժարումը։ Տասներկրորդ յօդուածը նոյնիսկ կը նախատեսէ, որ կողմերէն ոչ մէկը կրնայ ներքին օրէնսդրութիւնը վկայակոչել՝ համաձայնագիրին պարտաւորութիւնները չկատարելու համար։ Հետեւաբար ի՞նչ իրաւական բաց կը լրացնէ նոր Սահմանադրութիւնը, եւ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ անոր ընդունումէն ետք Պաքուն նոր պահանջներ պիտի չներկայացնէ։

Հակառակ այս անպատասխան հարցումներուն՝ Փաշինեան կը սպառնայ «հանրային ճնշում» բանեցնել ընդդիմադիր ուժերուն վրայ՝ սահմանադրական փոփոխութիւններուն անոնց համաձայնութիւնը ապահովելու նպատակով։ Իշխանութիւնը կը պնդէ, թէ վերջնական խօսքը պէտք է պատկանի ժողովուրդին, սակայն կ՛անտեսէ այն իրողութիւնը, որ Սահմանադրութեան 202-րդ յօդուածը հանրաքուէի նախաձեռնութեան համար կը պահանջէ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն երկու երրորդին համաձայնութիւնը։ Իշխանութեան ունեցած 64 աթոռները բաւարար չեն այդ շեմը յաղթահարելու համար. անհրաժեշտ են առնուազն վեց ընդդիմադիր պատգամաւորներու քուէները։ Այս պահանջը ճնշումով յաղթահարելիք խոչընդոտ մը չէ, այլ քաղաքական լայն համաձայնութիւն ապահովելու սահմանադրական երաշխիք, որուն յարգումը ինքնին ժողովրդավարութեան հիմնարար պայմաններէն է։

Նոյեմբեր 4-ին ՀՅԴ-ի մասնակցութեամբ ընդդիմադիր ուժերու համախմբումը եւ անոր յաջորդած հանրային իրազեկման նախաձեռնութիւնները աւելի խորք ունին, քան կուսակցական մրցակցութիւնը։ Ընդդիմութիւնը խաղաղութիւնը չի մերժեր. կը մերժէ զայն անորոշ խոստումներու դիմաց ազգային ինքնիշխանութեան զիջումով գնելու տրամաբանութիւնը։ Խաղաղութիւնը պէտք է իմաստաւորուի սահմաններու յարգումով, անվտանգութեան ստուգելի երաշխիքներով եւ չլուծուած մարդասիրական խնդիրներուն յստակ լուծումներով, ոչ թէ Սահմանադրութեան նախաբանէն ջնջուած յղումներով։

Հայաստանին անհրաժեշտ են արդարադատութիւնը անկախացնող, իշխանութիւնը հակակշռող եւ քաղաքացիներուն իրաւունքները ամրապնդող բարեփոխումներ։ Իսկ Անկախութեան հռչակագիրին պատմական նշանակութիւնը չի վերանար, պարզապէս որովհետեւ Պաքուն կը պահանջէ ջնջել անոր յղումը։ Մայր օրէնքը կարելի չէ վերաշարադրել արտաքին պահանջներու ճնշումին տակ՝ վտանգելով պետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանադրական կարգի անկախութիւնը։

Այսօր ընդդիմութեան վճռականութիւնը ժողովրդավարական պարտականութիւն է, ոչ թէ խաղաղութեան խոչընդոտ։