Աշխարհի Հնագոյն Ազգային Եկեղեցին` ՀԱԵ-ն, Պետութեան Կողմէ Սպառնալիքի Կը Բախի․ ԵԽԽՎ Պատգամաւոր
Փաշինեանի ղեկավարութեան ներքոյ ներկայիս վարչակազմը հրաժարած է եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ որեւէ սահման պահելէ եւ աննախադէպ արշաւ կը վարէ եկեղեցւոյ ազատութեան դէմ։ Այս մասին ԵԽԽՎ նիստին յայտարարած է պատգամաւոր Էդուըրտ Լին:
«Այս ընտրութիւնները միայն քաղաքական իշխանութեան մասին չեն։ Ես լիովին չեզոք եմ այն հարցով, թէ ով է Հայաստանի կառավարութիւնը։ Անոնք օգտագործուած են որպէս ստեղծուած մանդատ (իրաւագիր)՝ սուրբ հիմնարկը լիակատար պետական վերահսկողութեան տակ դնելու համար»,- յայտարարած է Էդուըրտ Լին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին «աշխարհի ամենահին ազգային եկեղեցին» է, որ այսօր կը բախի սպառնալիքի, որ կու գայ ոչ թէ արտաքին հակառակորդէն, այլ՝ պետութենէն»,- նշած է անգլիացի պատգամաւորը Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նիստին՝ աւելցնելով, որ վերջին տարուան ընթացքին պետութիւնը իրականացուցած է հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներու անօրինական ձերբակալութիւններ եւ կալանաւորումներ, եկեղեցւոյ աշխատակիցներու հետապնդում, ինչպէս նաեւ սահմանափակումներ կիրառած է արտագնայ ուղեւորութիւններու նկատմամբ։
