ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Նամակը՝ Ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին Եւ Ազգային Ժողովի Անդամներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Յարգելի՛ պրն. Ռուբինեան,

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2026-2031-ի ծրագիրը, որ փոխանցուած է Ազգային ժողովին, 20 Օգոստոս 2026-ին, քննարկման եւ վաւերացման համար, իր մէջ կը պարունակէ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց մեկնաբանումը, կը գիտակցինք, թէ չի վերաբերիր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան:

Այն, որուն նկատմամբ մենք խորապէս մտահոգ ենք, կը վերաբերի Հայ առաքելական եկեղեցիին, որ դարեր շարունակ կենդանի պահած է քրիստոնեայ հաւատքը աշխարհի տարածքին, պահած է հայ ինքնութիւնը եւ պահպանած է աշխարհատարած հայերու միասնականութիւնը: Հայ եկեղեցին միշտ պահպանած է իր ինքնավարութիւնը՝ տրուած ըլլալով, որ հաւատացեալներու լայն մեծամասնութիւնը կ’ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս:

Համաձայն պատմական իրողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իսկ սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, նոյնպէս կրօնի ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ միջազգային Կանոնական օրէնքին, կառավարութեան ծրագիրին մէջ եկեղեցւոյ վերաբերեալ բաժինները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին Գերագոյն պատրիարք Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ եկեղեցւոյ կանոնագրութեան որդեգրումին, հարցեր են, որոնք չեն կրնար տնօրինուիլ քաղաքական իշխանութեան կողմէ: Դարերէ ի վեր պահպանուած ինքնավարութեան այս սկզբունքը, Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ համաշարհային բնոյթին եւ դերին դրսեւորումն է:

Մեր յարգալիր խնդրանքն է, որ Ազգային ժողովը մերժէ այս խնդիրին միջամտելու կառավարութեան առաջարկը՝ յարգելով եկեղեցւոյ կառավարման վերաբերեալ հաստատուած եւ ժամանակի ընթացքին յարգուած սկզբունքները:

Յարգանօք՝

ՀԲԸՄ-ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ