54 Կողմ, 47 Դէմ Ձայներու Յարաբերակցութեամբ Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ ԱԺ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Նախագահ

Հայաստան

Այսօր ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցաւ մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւնը։

Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն՝ 54 կողմ, 47 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին համար ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։