ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած է Բարերար Վահան Շամլեանի ու Անոր Խորհրդականի Հետ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 19-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, հանդիպում ունեցած է բարերար Վահան Շամլեանի եւ անոր խորհրդական Վահագն Բզնունիի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:
Հանդիպումին մասնակցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: