«Ազգանունէն Անդին․ Հայ Ըլլալը Համաշխարհայնացած Սփիւռքի Մէջ»
Ուրբաթ 2026-ի Յուլիսի 31-ին ՝ Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգանունէն Անդին․ Հայ Ըլլալը Համաշխարհայնացած Սփիւռքի Մէջ» խորագիրով դասախօսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ եւ կուսակցութեան կեդրոնի մէջ։
Դասախօսն էր Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղար Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի Երկիրներու։ Ձեռնարկին ներկայ էին Գոհար Մինասեան Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը Ուրուկուէյի մէջ, տեղւոյն հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, տարբեր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, եւ գաղութի անդամներ։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր դասախօսութեան ընթացքին կեդրոնացաւ այն հիմնական հարցին վրայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ՝ ազգանունի ժառանգութենէն անդին։ Ան ներկայացուց այն գաղափարը, որ ազգային ինքնութիւնը միայն պատմական կամ ընտանեկան ժառանգութիւն չէ, այլ ապրող, շարունակաբար եւ նորոգուող իրականութիւն, որ կը դրսեւորուի հաւատքով, լեզուով, մշակոյթով, ազգային արժէքներով, ծառայութեամբ եւ գալիք սերունդներուն հանդէպ պատասխանատուութեամբ։
Դասախօսութեան ընթացքին Դոկտ. Ճէպէճեան շեշտեց, որ համաշխարհայնացման ներկայ պայմաններուն մէջ սփիւռքահայութիւնը կոչուած է ոչ միայն պահպանելու իր պատմական յիշողութիւնը, այլեւ կերտելու կենսունակ ինքնութիւն մը, որ միաժամանակ հաւատարիմ կը մնայ հայկական արմատներուն եւ դրական ներդրում կը բերէ այն հասարակութիւններուն, որոնց մէջ կ՚ապրի։
Ձեռնարկին յաջորդեց հետաքրքրական հարց ու պատասխանի նիստ մը, որուն ընթացքին մասնակիցները ներկայացուցին իրենց դիտարկումները եւ քննարկեցին Ուրուկուէյի հայկական համայնքին առնչուող ինքնութեան, սերունդներու շարունակականութեան եւ ազգային կեանքի մարտահրաւէրները։
Քննարկումները վերահաստատեցին, որ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր հարթակներ են համատեղ մտածողութեան, փորձառութիւններու փոխանակման եւ համայնքային կեանքի զօրացման համար։
Ձեռնարկի կազմակերպման համար յատուկ գնահատանք յայտնուեցաւ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնի ատենադպիր Տիէկօ Գարամանուկեանին, որուն նուիրուած աշխատանքը նպաստեցին այս յաջող եւ բովանդակալից հանդիպումին իրականացման։ Շնորհակալութիւն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի այս շահեկան եւ այժմէական դասախօսութեան համար։ Շնորհակալութիւն Հայերէնէ Սպաներէն լեզուի թարգմանող՝բանասեր Յովհանննէս Պոտուքեանին:
Նման նախաձեռնութիւնները կը շարունակեն խթանել հայ ինքնութեան շուրջ խորքային քննարկումները եւ կը նպաստեն սփիւռքահայ համայնքներու մշակութային, հոգեւոր եւ ազգային կենսունակութեան ամրապնդման։
Ներկայ մը
