Կարճ Կտրուկ. «Արեւմտեան ազրպէյճան»-ի Խօսոյթը եւ Փաշինեանի Քարոզչութեան Սնանկութիւնը․ Սեւակ Պէլեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի արձագանգը Նախիջեւանի մէջ յունիսին կազմակերպուելիք այսպէս կոչուած «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» համագումարին նկատմամբ հերթական անգամ բացայայտեց Երեւանի ներկայ իշխանութիւններուն վտանգաւոր թուլութիւնը Պաքուէն հնչող յարձակողական եւ ծաւալապաշտական օրակարգերուն դիմաց։

Մինչ Ատրպէյճանի պետական կառոյցներու եւ նախագահութեան հովանաւորութեամբ կը կազմակերպուի միջոցառում մը, ուր պիտի քննարկուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն նկատմամբ «վերադարձի հեռանկարներ»ը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը սահմանափակուի ըսելով, թէ այդ «չի տեղաւորուիր խաղաղութեան տեսլականին մէջ»։ Այսպիսի բառամթերքը ոչ միայն թոյլ է, այլ նաեւ քաղաքականապէս անբաւարար, որովհետեւ խօսքը պարզ քարոզչական նախաձեռնութեան մասին չէ, այլ պետական մակարդակով հովանաւորուող ռազմավարական եւ գաղափարական արշաւի մը։

Այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» գաղափարախօսութիւնը տարիներէ ի վեր կը ծառայէ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած քաղաքական գործիք։ Անիկա կը փորձէ Հայաստանի տարածքը ներկայացնել որպէս «պատմական ատրպէյճանական հող», ինչ որ ուղղակի սպառնալիք է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար։ Այս պայմաններուն մէջ կիսատ-պռատ դիւանագիտական դժգոհութիւն արտայայտելը աւելի շատ կը նմանի վնասի կառավարումի, քան պետական շահերու պաշտպանութեան։

Առաւել եւս, այս զարգացումը ամբողջովին կը հակասէ Նիկոլ Փաշինեանի քարոզած «խաղաղութեան դարաշրջան»ի պատկերին։ Երբ Ատրպէյճանի պետութիւնը զուգահեռաբար կը կազմակերպէ համագումարներ, որոնք բացայայտօրէն կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Փաշինեանի խաղաղութեան քարոզչութիւնը պարզապէս կը դառնայ ծիծաղելի։ Անհնար է խօսիլ «խաղաղութեան նոր դարաշրջան»ի մասին, երբ նոյն այդ «գործընկեր» պետութիւնը պետական մակարդակով կը սնուցանէ Հայաստանի նկատմամբ պահանջատիրական եւ յարձակողական օրակարգեր։

Նախիջեւանի մէջ կայանալիք այս համագումարը պարզ մշակութային կամ ակադեմական նախաձեռնութիւն չէ։ Անիկա յստակ քաղաքական ուղերձ է՝ ուղղուած թէ՛ հայ հանրութեան, թէ՛ միջազգային դերակատարներուն։ Իսկ Երեւանի ներկայ արձագանգը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները տակաւին կը շարունակեն այս սպառնալիքները ներկայացնել որպէս երկրորդական երեւոյթներ, փոխանակ զանոնք անուանելու այն, ինչ որ են՝ Հայաստանի դէմ ուղղուած պետական մակարդակի քաղաքական ճնշում եւ գաղափարական նախապատրաստութիւն։

Պարոն Միրզոյեան, այս համագումարը ոչ թէ «չի տեղաւորուիր խաղաղութեան տեսլականին մէջ», այլ՝ «չի տեղաւորուիր ձեր սնանկ ու մոլորեցնող քարոզչութեան մէջ»։